ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Պատմութեան մէջ 6-րդ անգամ ըլլալով Դամասկոսի Սաուրայի պասքեթի աղջկանց խումբը  յաջողեցաւ տիրանալ Սուրիոյ հանրապետական բաժակին, աւարտական մրցումին 55-40 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ուահտէն:
– Սուրիոյ Թենիսի պատանեկան հաւաքականը տիրացաւ արեւմտեան Ասիոյ թենիսի մրցաշարքի ախոյեանութեան, աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Սէուտական Արաբիոյ կազմը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿ ԲԱՐԵՂԱՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ Բարեղամ Յարութիւնեան  Եւրոպայի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր դարձաւ: Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ ընթացող բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան տղամարդկանց 48 քկ. ծանրութեան կարգի եզրափակիչին, Բարեղամ Յարութիւնեան մրցակից ունեցաւ ռուս ներկայացուցիչ Էտմոնտ Խուտոյեան, որ պարտուեցաւ 5 – 0 արդիւնքով:  Աւելի ուշ 92 քկ. ծանրութեան եզրափակիչ հանդիպումին, Նարեկ Մանասեանի մրցակիցը դարձաւ կրկին Ռուսիայէն  Մուսլիմ Հաճիմակոմետովը:
Յիշեցնենք, որ բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան կանանց հաւաքականի անդամներ Անի Յովսէփեան եւ Անուշ Գրիգորեան դարձած էին պրոնզէ մետալակիրներ:  Իսկ տղամարդկանց հաւաքականի  ԵԱ-ի պրոնզէ մետալներ նուաճեցին նաեւ Արթուր Բազէեան, Արթուր Սահակեան եւ Արարատ Յարութիւնեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՄՏԱԴԻՐ Է ՎԱՃԱՌԵԼ ՌՈՊԵՐԹ ԼԵՒԱՆՏՈՎՍԿԻՆ
Catalunya Radio-ն յայտարարեց, որ Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան մտադիր է ամռան փոխադրաշրջանին վաճառել Լեհաստանի հաւաքականի յարձակողական խաղացող Ռոպերթ Լեւանտովսկին։ Նպատակը ակումբի ֆինանսական վիճակի կայունացումն է: Պարսելոնան կը փափաքի ազատիլ Լեւանտովսկիի բարձր աշխատավարձի ծախսէն։ Այս մրցաշրջանին Լեւանտովսկիի Քաթալոնական ակումբէն եկամուտը կը հասնի 26 միլիոն եւրոյի, իսկ յաջորդ մրցաշրջանին կը կազմէ 32 միլիոն եւրո։ Transfermarket-ը 35-ամեայ ֆութպոլիստի փոխադրութիւնը կ’արժեւորէ 15 միլիոն եւրոով։ Անոր պայմանագիրը Պարսելոնայի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2026 թուականի  Յունիս ամիսը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան