ԱՐԵՒՈՒՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՌԱՆ ՏԱՔ ՕՐԵՐՈՒՆ
Արեւը մեզի կը ղրկէ օգտակար եւ վնասակար զանազան ճառագայթներ։ Մեր օգտագործման եղանակն ալ կապ ունի այդ ճառագայթներուն հասցուցած վնասին հետ:
Ճառագայթները կրնան մեզ տաքցնել կամ այրել, ծիրանի պէս ոսկեզօծ դարձնել կամ կարմրցնել, գեղեցկացնել կամ ծերացնել:
Առողջապահական տեսակէտէ մեկնելով, արեւուն շօշափելի միակ առաւելութիւնը՝ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու ազդեցութեամբ D կենսանիւթի արտադրութիւնն է մաշկի բջիջներուն մէջ, որ ոսկրաթեքութիւնը կանխարգիլող միջոց կը համարուի եւ անհրաժեշտ կենսանիւթ՝ մանկութեան շրջանին ոսկորներու կազմաւորման համար:
Սակայն վերջին տարիներուն մթնոլորտային Օզոնի խաւին նօսրացումը աւելի վտանգաւոր դարձուցած է արեւուն ազդեցութիւնը։ Հետեւաբար հարկ է պաշտպանուիլ անկէ:
Արեւուն ճառագայթին երկարատեւ ազդեցութիւնը կրնայ նոյնիսկ մաշկի քաղցկեղի պատճառ դառնալ, յատկապէս, երբ տեղի կ’ունենայ մանկական հասակին, որովհետեւ այդ տարիքին մաշկին գոյնի բջիջները աւելի դիւրազգաց կ’ըլլան եւ վնասուելով կրնան հետագային հիւանդութիւն պատճառել:
Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ գոյն տալ մաշկին առանց արեւահար դառնալու:
Արեւուն պէտք է ենթարկուիլ կամ վարժուիլ աստիճանաբար:
Առաջին օրը 10 վայրկեան, յաջորդ օրը 15 վայրկեան եւ այսպէս յաջորդաբար ամէն օր։ Մնացեալ ժամերը պէտք է անցընել ճառագայթներու ազդեցութենէն հեռու, որպէսզի մաշկը միջավայրին վարժուի:
Սպիտակ մաշկը շատ զգայուն է, իսկ թուխը՝ դիմացկուն:
Խարտեաշները, մանաւանդ շէկերը, պէտք է զգոյշ ըլլան արեւուն ճառագայթներէն:
Արեւու լոգանքին ընթացքին մարմինը պէտք է օծել արեւէն պաշտպանող քսուկներով, որոնք մաշկը կրնան պաշտպանել այրուածքէն։ Քսուկը պէտք է տարածել նաեւ ականջներուն վրայ, իսկ շրթունքը պաշտպանել պայծառ շրթներկով:
Եթէ օրուան ընթացքին արեւուն ճառագայթներուն պիտի ենթարկուիք, պէտք է հրաժարիք ծանր եւ համեմուած կերակուրներէն կամ ոգելից ըմպելիներէն:
Արեւուն ճառագայթները աւելի վնասակար են առաւօտեան ժամը 10։00-էն յետմիջօրէի ժամը 2:00։ Այդ ժամերուն կրնաք արեւահար ըլլալ՝ նոյնիսկ ամպոտ օրերուն:
Ի՞նչ կրել արեւէն պաշտպանուելու համար։
-Արեւի ակնոց, որ կը կլանէ ցանցենիին համար վտանգաւոր ճառագայթներուն մէկ մասը:
-Գլխարկ, որ պիտի պաշտպանէ գլուխը, դէմքը եւ վիզը ճառագայթներու ուղղակի ազդեցութենէն։ Գլխարկը շատ կարեւոր է յատկապէս մանուկներուն համար:
-Եթէ մազերուն տեսակը շատ զգայուն է, յատուկ օճառ պէտք է օգտագործել: Իսկ եթէ մեր մազերը երկար են, հարկ է հիւսել զանոնք, որպէսզի աղը կամ լողաւազանի քլորը չթափանցէ անոնց մէջ:
Ծովեզերքի արեւանոցները պէտք եղած չափով չեն պաշտպաներ մեզ արեւէն, որովհետեւ աւազը կը ցոլացնէ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներուն մօտաւորապէս 80%-ը: Ուստի մանուկները պէտք է թեթեւ շապիկներով եւ տաբատներով պաշտպանել, որովհետեւ մանուկներուն համար մաշկային քիմիական քսուկները կրնան վտանգաւոր ըլլալ:
Կը յանձնարարուի մինչեւ մէկ տարեկան մանուկները հեռու պահել արեւուն ուղղակի ճառագայթներէն, որովհետեւ անոնք արեւահար դառնալով ջրազրկման ենթակայ կրնան ըլլալ։
Զգուշացէ՛ք աղի ջուրէն, որովհետեւ ան մարմինին կենսուժը մաքրելու եւ մարմինը հականեխելու կողքին, մորթին եւ մազերուն վնաս կրնայ հասցնել, եթէ աղը մարմինին վրայ մնայ երկար ատեն։ Հետեւաբար ամէն ծովու լոգանքէ ետք, հարկ է մեր դէմքը եւ մարմինը մաքուր ջուրով լուալ, այլապէս աղի ջուրը պիտի ցամքի եւ մորթը պիտի ներծծէ ամբողջ աղը, իսկ կնճիռները երեւելի պիտի դառնան:
Անհրաժեշտ է յաճախակի ջուր խմել օրուան ընթացքին, (մօտաւորապէս 2 լիթր), նախընտրելի է մանաւանդ հանքային ջուրը։
Որպէսզի մեր մաշկը կանխահաս ծերացման չենթարկուի, հարկ է արեւու լոգանքի ժամերը նուազագոյնի իջեցնել եւ լաւապէս պաշտպանուիլ։
Ի՞նչ պէտք է ընել արեւահարութեան պարագային:
Նախ արկածեալը փոխադրել օդասուն տեղ մը, զգեստները հանել, թաց սպունգ մը քսել մարմինին եւ խուսափիլ շատ պաղ ջուրէն: Մեծերուն պարագային կարելի է խմցնել թանձր սուրճ, որ խթանէ արեան շրջանառութիւնը:
Պէտք չէ մոռնալ, որ վտանգը կը սկսի այն պահուն, երբ կը նկատենք, որ առատօրէն հոսող քրտինքը յանկարծ կը դադրի:
Ի՞նչ պէտք է ուտել կարճ ժամանակի մէջ պղնձագոյն մորթ ունենալու համար:
Թելադրելի են՝ լոլիկը, շոմինը, ստեպղինը, նարինջը, սեխը, որոնք մեծաքանակ կենսանիւթեր կը պարունակեն եւ մորթի տարրալուծական փոխանակումներուն կը նպաստեն: Օգտակար է նաեւ խնձորը, որ կը նպաստէ մաշկի գոյնին մթագնումին, որովհետեւ ան պղինձ կը պարունակէ: