ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի Ա.դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին Հալէպի Ահլին եւ Թարթուսի Սահէլ խումբերը փոխանցուեցան Բ. դասակարգ: Հուրիէն 2 – 0 արդիւնքով զիչեցաւ Ուահտէին, իսկ Սահէլը 5 – 0 ծանր արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Ճէյշէն: Հալէպի Ահլին 2 – 1 արդիւնքով Համայի մէջ պարտութեան մատնեց Թալիաաին, ինչպէս նաեւ Ճապլէն 1 -0 արդիւնքով յաղթեց Ֆութուէին:
-Դամասկոսի մէջ սկիզբ առաւ Սուրիոյ աղջկանց պասքեթի հանրապետական բաժակի մրցաշարքը, ուր մասնակցութիւն բերին վեց խումբեր՝ Հալէպէն Ահլին եւ Ճալաա-ը, Դամասկոսէն՝ Ուահտէն, Պարատան եւ Սաուրան, իսկ Լաթաքիայէն՝ Հըթթինը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՎԱՐԱԶԴԱՏ ԼԱԼԱՅԵԱՆ՝ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԲԱԺԱԿԱԿԻՐ ԴԱՐՁԱՒ 
 Հայ ծանրորդ Վարազդատ Լալայեան Թայլանտի Փհուքէթ քաղաքին մէջ ընթացող ծանրամարտի  մրցաշարքին կրցաւ նուաճել  ոսկի մետալ, խաղի երկու փուլերուն բարձրացնելով 463 քկ. ծանրութիւն (210+253 քկ.): Վերցնելու եւ բարձրացնելու վարժութիւններուն,  հայ ծանրորդը դարձեալ  արժանացաւ ոսկի մետալներու։ Նոյն մրցումին, Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչ Սիմոն Մարտիրոսեան խաղի երկու փուլերուն  բարձրացուց 440 քկ. ծանրութիւն եւ գրաւեց 4-րդ դիրքը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՅԱՂԹԵՑ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻՆ
Սպանիոյ առաջնութեան 32-րդ փուլի առաջատար  Ռէալ Մատրիտը Սանթիակօ Պերնապէյի մարզահամալիրին մէջ հիւրընկալեց Քաթալոնիոյ Պարսելոնան, ուր կրցաւ անգամ մը եւս պարտութեան մատնել զայն՝ այս անգամ 3 – 2 արդիւնքով եւ յաղթական դուրս գալ Քլասիքոյէն:  Խաղի  6-րդ վայրկեանէն ետք հանդիպման հաշիւը բացաւ Պարսելոնայի դանիացի պաշտպան Անտրէաս Քրիստընսըն։ 18-րդ վայրկեանին տուգանային հարուածով հաշիւը հաւասար դարձուց արքայական խումբի պրազիլցի յարձակող Վինիսիւս Ժիւնիըրը։ 69-րդ վայր-կեանին սպանացի Չավիի գլխաւորած խումբը անգամ մը եւս  առաջ անցաւ կիսապաշտպան Ֆերնան Լոփէզի նշանակած կոլով։ 73-րդ վայրկեանին հաւասարութիւնը վերականգնեց սպանացի կիսապաշտպան Լուքաս Վասքէսը։ Գարլօ Անչելոթիի գլխաւորած խումբին յաղթական կոլը արձանագրեց անգլիացի կիսապաշտպան Ճուտ Պելինկհեմը: Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտը 81 կէտով կը գլխաւորէ մրցաշարքի աղիւսակը, 11 կէտերու տարբերութեամբ անոր  կը յաջորդէ Պարսելոնան:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան