Ամերիկայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբը (ANCA-WR) վրդոված է Ֆրեզնոյի Մասիս-Արարատ հայկական գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած հրկիզման համար: Ֆրեզնոյի գերեզմանատունը, որ հիմնադրուած է 1885-ին, ԱՄՆ-ի ամենահին հայկական գերեզմանոցն է եւ հայ հերոսներ ու հասարակական գործիչներ՝ Սողոմոն Թեհլիրեան, Վիքտոր Մաղաքեան եւ Ուիլիըմ Սարոյեան իրենց վերջին հանգրուանը այս գերեզմանոցին մէջ գտած են։
Գերեզմանատան տնօրինութեան տուեալներով՝ ութ ծառ հրկիզուած է հրկիզողին կողմէ 13 Ապրիլ 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 3։ՕՕ-ին: Դէպքը իր տեսակին մէջ վեցերորդն է 2024 թուականի սկիզբէն, որոնց հետեւանքով գերեզմանոցին մէջ տապալած է աւելի քան 19 ծառ, ինչ որ կը վկայէ, որ այս դէպքերը հայերու դէմ ատելութեան յանցագործութեան տարրեր կը պարունակեն ։ Հրկիզումը տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութենէն երեք շաբաթ առաջ, որուն ընթացքին դրօշի բարձրացման արարողութիւն տեղի կ՛ունենայ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին մօտ:
«Մասիսի հայկական գերեզմանատան վրայ այս նողկալի յարձակումները յստակօրէն ցոյց կու տան, որ հակահայկական տրամադրութիւնները անհասցէ սպառնալիք են հասարակական անվտանգութեան եւ յատկապէս Ֆրեզնոյի ամերիկահայ համայնքին», ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի տնօրէններու խորհրդի նախագահ՝ Օշին Յարութիւնեան: «Տեղական իշխանութիւնները պէտք է հետաքննեն 6 դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած են 2024-ի սկիզբէն ի վեր, եւ երաշխաւորեն, որ յանցագործութիւններու այս շարանը բացայայտուի, յանցագործ(ները) պատասխանատուութեան ենթարկուին, եւ ամերիկահայ համայնքը փոխհատուցուի բոլոր վնասներուն համար»: