ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հալէպի Ահլին 5 – 0 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Ճէյշին, իսկ Լաթաքիոյ Թըշրինը 2 – 1 արդիւնքով յաղթեց Ուահտէին: Հալէպի Հուրիէն շարունակելով իր ձախող արդիւնքները 5 – 0 արդիւնքով զիջեցաւ Ճապլէին եւ փոխանցուեցաւ Բ. դասակարգ:
-Վերջին պարտութիւնը արձանագրելէ ետք, Դամասկոսի Ճէյշ խումբի մարզիչ Հուսէյն Աֆաշ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, ինչպէս նաեւ Լաթաքիոյ Հըթթին խումբի վարչութիւնը պաշտօնազուրկ ըրաւ խումբի մարզիչը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԱԹԼԵԹԻՔՈ ՊԻԼՊԱՈՒՆ ՆՈՒԱՃԵՑ ՍՊԱՆԻՈՅ ԳԱՒԱԹԸ
Սպանիոյ Սեւիլիա նահանգին մէջ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ թագաւորական բաժակի աւարտական մրցումը, որուն աւարտին Աթլեթիքո Պիլպաուն յաջողեցաւ նուաճել տիտղոսը եւ ձեռք ձգել Սպանիոյ թագաւորական բաժակը: Աթլեթիքո Պիլպաուն եւ Ռէալ Մայորքա խումբերուն հանդիպումի հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 1 – 1 հաւասարութեամբ, որմէ ետք խումբերը խաղցան յաւելեալ կէս ժամ, որուն աւարտին դարձեալ շարունակուեցաւ հաւասար արդիւնքը: Զոյգ խումբերը հեռաւոր 11 մեթրի հարուածներու փուլ անցնելով Աթլեթիքոն յաջողեցաւ 4 – 2 արդիւնքով պարտութեան մատնել մրցակիցը եւ տիրանալ ախոյեանութեան: Աւելցնենք, որ Աթլէթիքո Պիլպաուն վերջին տիտղոսին արժանացած է 25 տարի առաջ՝ 1984 թուականին:

ԹՈՄԱՍ ՄԻՒԼԸՐ ԽԱՂՑԱՒ ԻՐ 700-ՐԴ ՄՐՑՈՒՄԸ
Գերմանիոյ հաւաքականի եւ Պայերն Միւնիխ խումբի 34-ամեայ յարձակողական խաղցող Թոմաս Միւլըր խաղցաւ իր մարզական կեանքի 700-րդ մրցումը: Ան ինը հանդիպումէ ետք,  յաջողեցաւ արձանագրել նոր թուանիշ մը, որ մինչ այսօր վերապահուած է դարպասապահ Զէպ Մայերնի 709-րդ մրցումին: Աւելցնենք, որ Պոնտէսլիկայի 28-րդ փուլի մրցումներուն, Պայերն Միունիխ 3 – 2 արդիւնքով պարտուեցաւ Հայտենհամէն եւ 60 կէտով մնաց աղիւսակի երկրորդ դիրքին վրայ:  Թոմաս Միւլըր Պաւարիոյի խումբին մաս կը կազմէ  2000 թուականէն ի վեր:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան