Չո­րեք­շաբ­թի, 11 Դեկ­տեմ­բեր 2019-ին, «Շամ Թայմզ» հա­ղոր­դեց, որ սուր­ի­ա­կան բա­նա­կը Հա­մա­յի հիւ­սի­սա­րեւմտ­եան Ֆրէյ­քէ գիւ­ղին մէջ ինք­նա­թիռ մը վար առած է: Աղ­բիւ­րը յայտ­նեց, որ ինք­նա­թի­ռը թռիչք առած էր Իտ­լի­պի ար­ուար­ձա­նին մէջ կայք հաս­տա­տած զին­եալ ահա­բեկչա­կան խմ­բաւ­որում­նե­րուն կեդ­րոն­էն, սա­կայն սուր­ի­ա­կան բա­նա­կի հա­կա­օ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­կար­գե­րը ան­մի­ջա­պէս վար առած են զայն:
 «Շամ Թայմզ»ի թղ­թա­կի­ցը աւել­ցուց, որ ինք­նա­թի­ռը ռում­բե­րով եւ պայ­թու­ցիկ ական­նե­րով բեռ­նա­ւոր­ուած էր, թի­րախ ու­նե­նա­լով ապա­հով բնակ­չու­թիւնն ու սուր­ի­ա­կան բա­նա­կի մի­ա­ւոր­նե­րը: