Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 3 Յունիսին իր դիմատետրի ուղիղ եթերով անդրադառնալով պսակաձեւ ժահրի կանխարգիլման ձեւաչափերուն յայտնեց, որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ պայքարը նոր փուլ կը մտնէ:

Ապա աւելցուց.«Երէկ առաջին անգամ հանդիպում ունեցայ պարետատան պատասխանատուներուն հետ: Առաջին անգամ մենք հանրապետութեան մէջ 8 վարակակիր ունեցանք: Անշուշտ, սա հիմնականօրէն կապուած է հսկիչ անցակէտի ոստիկանութեան ծառայողներուն հետ, նոյն ընտանիքի անդամներ եւ հարազատներ: Այս ընթացքին կրցած ենք կանխարգիլել ժահրին տարածումը: Բայց հետզհետէ վիճակը աւելի կը  դժուարանայ, որովհետեւ  մեր վիճակը կախեալ է Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակէն: Եթէ, օրինակ, մէկ ամիս առաջ ՀՀ-ի մէջ ընդամէնը 1-2 վարակակիր կար, այսօր  10 հազարը անցած է: Հայաստանէն Արցախ ամէն օր կը մտնեն 500-1000 հայրենակիցներ, հետեւաբար հաւանակութիւնը շատ մեծ է, որ այդ մարդոց մէջ ըլլան մարդիկ, որոնք այդ վարակը կը կրեն»:

Ըստ Արայիկ Յարութիւնեանի, սահմանը փակելը կարելի չէ, որովհետեւ մատակարարումներ  տեղի կ’ունենան եւ զանազան կարիքներէ մեկնելով մարդիկ պէտք է տեղաշարժի մէջ ըլլան: Փոխարէնը, կանխազգուշացման աւելի խիստ  միջոցներ կիրարկելու տարբերակը կը քննարկուի:

«Մենք կը փորձենք խստացնել մուտքն ու ելքը, սահմանին գործող օրէնքները: Քննարկման մէջ է, թէ որքանով կարելի է սահմանին արագ քննութեան համակարգ ունենալ, որ ամէն մարդ Արցախ մտնելէ առաջ այդ կարելիութենէն օգտուի, որմէ ետք  թոյլ տրուի մուտք գործել Արցախ: Մասնագէտներ կը քննարկեն, ես կանխազգուշացման նման ձեւերու որդեգրման կողմակից եմ», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեան ու խոստովանեցաւ, որ տեղի ունեցած են սխալներ, որոնց հետեւանքով հսկիչ անցակէտի պաշտօնեան վարակուած է: