Օրեր առաջ, Սպիտակ տան առջեւ ամերիկեան ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են, երբ վերջիններս Սպիտակ տան մօտ կրակ վառած են: Ցուցարարները հրկիզած են ամերիկեան դրօշը:

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշ ժամանակ գետնի տակ գտնուող թաքստոց փոխադրուած է, երբ ցուցարարները մօտեցած են Սպիտակ տան:

Սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի` ոստիկանի մը կողմէ սպանութեան դէմ բողոքի ցոյցերը ներառեցին Միացեալ Նահանգներու տարածքին 75 քաղաքներ, ներառեալ Մինիափոլիսը, Նիւ Եորքը եւ Լոս Անճելըսը, ուր ձերբակալուեցան շուրջ 400 անձեր:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու տարածքին բողոքի ցոյցերու ընթացքին ձերբակալուած են 4100 անձեր:

Արիզոնա եւ Վըրճինիա նահանգներուն մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուեցաւ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին դեմոկրատական թեկնածու, նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն ցուցարարներուն կոչ ուղղեց բռնարարքներ չգործելու:

Ան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ոստիկանութեան վայրագ արարքներուն դէմ ցոյցերը իրաւացի եւ կարեւոր են` աւելցնելով, որ հրկիզումն ու քանդումը անօգուտ են:

ԱՄՆ-ի մէջ ծայր առած բողոքի ցոյցերու սկիզբէն ի վեր ոստիկանութիւնը ձերբակալած է աւելի քան 9000 մարդ: