«Արմէնփրէս».- Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններուն հետեւանքով Մարտակերտի մէջ 9-ամեայ երեխայ  զոհուած է: «Լուրեր» լրատուականի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է բժշկական կեդրոնի աշխատակիցը` ներկայացնելով երեխայի մօր առողջական վիճակը:

«Երկու ոտքերէն  հրազէնային վնասուածք ստացած է, տունէն դուրս  եկած է երեխային հետ, դժբախտաբար 9 տարեկան երեխան մահացած է», ըսած է բժիշկը:

Ատրպէյճանական կողմի թիրախ  դարձած է Մարտակերտի մէջ գտնուող քաղաքացիական ինքնաշարժը, որուն մէջ գտնուած են մայրը, երեխան եւ ընտանիքի միւս անդամները: