«Երկիր».- 30 Սեպտեմբերին  հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ըսաւ, որ հայկական կողմը պէտք է պատրաստ ըլլայ երկարատեւ պատերազմի:

«Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք երկարատեւ պատերազմի, որովհետեւ, եթէ մենք պատրաստ չըլլանք երկարատեւ պատերազմի, մենք հարցեր կ’ունենանք մեր կարեւոր հարցին` այս երկրին մէջ մեր ապրելու իրաւունքը իւրացնելու հետ», ըսաւ Յարութիւնեան:

Անդրադառնալով հարցումին, թէ ի՞նչ վարքագիծ պիտի ունենայ Պաշտպանութեան Բանակը, Արցախի նախագահը պատասխանեց` ՊԲ-ը խաղաղութիւն  պարտադրելու է հակառակորդին: