«Արմէնփրէս».- Իրանի յեղափոխութեան պահակագունդը Մազանդարանի եւ Կիլեանի շրջաններուն յատուկ նշանակութեան ուժեր ու ռազմական ճարտարական սարք ուղարկած է  լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի հետ սահմանը: Լրագրողներու հետ զրոյցին Իրանի յեղափոխութեան պահակունդի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Թեհրան երկրի հիւսիսարեւմտեան սահմաններուն երկայնքով օտարերկրեայ ներկայութենէն երկրի ազգային անվտանգութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան համար կ’ընէ այս ամէնը:
«Իրանը տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական սահմաններուն մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կը հանդուրժէ», ըսած է Իրանի ներկայացուցիչը: