Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ եւ առաջին տիկին Ասմա ալ Ասատ ներկայ եղան Դամասկոսի Թիքքիէ Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ տեղի ունեցած «Արտադրողներ 2020» վերնագիրը կրող ցուցահանդէսին, որ կազմակերպեց ցուցահանդէսներու եւ խորհրդաժողոներու յատուկ Արաբական Միութիւնը:
Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին պատերազմի հետեւանքով իրենց հաստատութիւնները կամ գործատեղիները կորսնցուցած, կամ կամ մասամբ տուժած հալէպցի արտադրողներ, որոնք վերստին բանեցուցած էին իրենց գործարանները հակառակ երկրի շրջափակման ու տնտեսական պատժամիջոցներուն:
Նախագահ Ասատ եւ առաջին տիկինը շրջագայեցան ցուցահանդէսի տաղավարները։ Արտադրողները իրենց կարգին կարեւոր համարեցին ցուցահանդէսի դերը իրենց վերականգնած հաստատութիւններուն արտադրութիւնը ներկայացնելու եւ վճարելու համար:
Ասատ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն ու ըսաւ. «Եթէ Հալէպի մէջ չգոյատեւէիք, պատերազմի դժուար պայմաններուն չդիմանայիք եւ արտադրող չըլլայիք այս յաջողութիւնը ձեռք պիտի չբերէիք։ Ձեր այս արտադրութիւններ յաջողութեամբ լի ճանապարհ կը խոստանան ձեզմէ իւրաքանչիւրին»:
Ասատ յայտնեց, որ Հալէպ արդիւնաբերութեան խորհրդանիշն է եւ դուք ձեր այս որակեալ արտադրութիւններով արտադրութեան լաւ օրինակներ ներկայացուցիք:
Ցուցահանդէսի մասնակիցները շեշտեցին, որ նախագահ Ասատին եւ առաջին տիկնոջ այցելութիւնը ինքնին քաջալերանք էր իւրաքանչիւր արտադրողի եւ մեզ կը մղէր յաւելեալ ջանք թափելու ազգային տնտեսութեան բարելաւման համար:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 6 Նոյեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 4:00-էն մինչեւ 9:00: