30 Նոյեմբերի երեկոյեան, Երեւանի Մաշտոցի պողոտային մէջ ՀՅԴ անդամները նախաձեռնած էին բողոքի ցոյց` պահանջելով վարչապետ Փաշինեանին հրաժարականը: Անոնք փակած էին Մաշտոցի, այնուհետեւ` Սայաթ Նովայի պողոտաները` վանկարկելով «Նիկո՛լ, դաւաճան», «Նիկո՛լ, հեռացիր» եւ այլն:
Ոստիկանները զիրենք հրելով, գետին փրելով հեռացուցած էին պողոտայէն` բերման ենթարկելով զիրենք, երբեմն նաեւ բիրտ ուժ կիրառելով:
Ցոյցի վայրէն ոստիկանութեան Մալաթիոյ բաժինը բերման ենթարկած է նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Արթուր Խաչատրեանը:
Ցոյցին ընթացքին, երբ ոստիկանները բռնի ուժով հեռացուցած էին ցոյցի մասնակիցները` Արցախի նախկին մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան ըսաւ, որ ոստիկանները Շուշի յանձնող եւ Վազգէնի արձանը պղծող են, Ատրպէյճանի դրօշը պիտի անցնէք ձեր վրայ, Իլհամ Ալիեւի ոստիկանութիւն:
Ռուբէն Մելիքեան յայտնեց, որ անհամաչափ ուժ կիրառուած է, երբ վարչական դատարանը վերացուցած է խաղաղ հաւաքներու արգելքը, իսկ փողոց փակելը խաղաղ հաւաք է: Ան դիտել տուաւ , որ թող ոստիկանութիւնը ժամկէտ ճշդէ, թէ քանի վայրկեանով թոյլատրուած է փողոց փակել: Ըստ անոր, անօրինական է քաղաքացիներուն բերման ենթարկելը
Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը պահանջող դաշնակցականներուն նախաձեռնած ցոյցի վայրէն ոստիկանութեան Երեւանի շարք մը բաժիններ բերման ենթարկած են 33 անձ: