Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հալէպի Միջազգային Օդակայանը 8 տարի դադրելէ ետք բանիլ սկսաւ 19 Փետրուար 2020-ին, սակայն 26 Մարտ 2020-ին անգամ մը եւս փակուեցաւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով: Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ նախազգուշական պայմանները գործադրելով եւ «ICAO» Միջազգային Քաղաքային Օդանաւային Ընկերութեան թելադրանքները նկատի առնելով, այսօր, 21 Դեկտեմբեր 2020-ին, Հալէպի Միջազգային Օդակայանը բանիլ սկսաւ՝ Հալէպի ազատագրման 4-ամեակին առիթով: Նախապէս, Հալէպի Միջազգային Օդակայանի տնօրէն Մուհամմէտ Մասրի «Ուաթան Օնլայն»ին յայտած էր, որ օդակայանը 100% պատրաստ է եւ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին տարբեր ուղղութիւններով թռիչքներ տեղի պիտի ունենան: