Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները շարունակելու մասին ԱՄՆ-ի որոշումը ԱՄՆ-ի վարչակազմին անհաւասարակշռութիւնը կը փաստէ, աւելցնելով, որ Սուրիոյ ժողովուրդին տառապանքին պատճառը ահաբեկչութիւնն է եւ տնտեսական պատժամիջոցները, զորս կը դիմագրաւէ:
Նախարարութիւնը ըսաւ. «Սուրիոյ Հանրապետւթիւնը խստիւ կը դատապարտէ Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-ի պարտադրած պատժամոջոցները, որոնք կ’արտայայտեն ԱՄՆ-ի թշնամական կեցուածքը Սուրիոյ դէմ»:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մէջ շեշտեց, որ ԱՄՆ- ի պարտադրած պատժամիջոցնրերը կը խախտեն միջազգային օրէնքի սկզբունքները եւ մարդկային իրաւունքները, հետեւաբար ԱՄՆ պէտք է դատապարտուի իր անմարդկային կեցուածքին համար:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ԱՄՆ պէտք է լաւ իմանայ, որ Սուրիոյ դէմ իր մղած գրոհը պիտի ձախողի, որովհետեւ սուրիացինրը կը պայքարին եւ Սուրիոյ ժողովուրդն է միայն, որ իր երկրին ապագան պիտի ուրուագծէ, իսկ ԱՄՆ ոչ մէկ դեր պիտի ունենայ անոր մէջ: