«Երկիր».-ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու կողմէն 20 Մարտին Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ սկիզբ առած է պատանեկան ճամբար, որուն մասնակցած են 11 -16 տարեկան 140 պատանի:

«Երբ կը թուի, որ յոյս չկայ ` ՀՅԴ երիտասարդականը յոյս կը ներշնչէ, երբ կը թուի, որ նպատակ եւ ապագայի տեսլական չկայ, ՀՅԴ երիտասարդականը ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործով կ’ապացուցէ, որ կայ», կը գրէ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան:

Մեսրոպեան աւելցնելով ըսաւ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ Արցախի մէջ եղած է, նախապատերազմեան եւ յետպատերազմեան շրջանին , միշտ  յարմարելով կարիքներուն եւ բնոյթին, պատրաստակամօրէն նպաստելով բարգաւաճման ապահովութեան եւ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն կամ մարդոց կարիքներուն:

Այս ճամբարները մեր ընկեր արցախցիներուն յիշեցնելու համար է, որ սփիւռքի աջակցութիւնը չի սահմանափակուիր դիմատետրով, որ մենք իսկապէս անոնց կողքին ենք, եւ թող պայքարը շարունակուի: