«Թերթ».-21 Մարտին ՀՀ արտաքին գործոց  նախարար Արա Այվազեան հեռախօսազրոյց ունեցաւ Սպանիոյ արտաքին գործոց, Եւրոպական Միութեան եւ գործակցութեան նախարար Արանչա Կոնսալէս Լայայի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարները բարձր գնահատեցին հայ-սպանական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման աշխուժութիւնը, միտքեր փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ գործակցութեան ամրապնդման եւ խորացման հեռանկարներու շուրջ:

Հեռախօսազրոյցի ժամանակ միտքեր փոխանակուեցան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութեա գործընկերութեան օրակարգի  շարք մը հարցերուն, Արեւելեան գործընկերութեան յառաջիկայ օրակարգին եւ ԱԼԳ «hետ-2020» (Աւագ պաշտօնեաներու հերթական հանդիպում) տեսլականին շուրջ: Երկուստէք համոզմունք յայտնուեցաւ, որ ՀԸԳՀ  (Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիր) լիարժէք եւ արդիւնաւէտ կիրարկումը շօշափելի նոր լիցք կը հաղորդէ ԵՄ եւ ԵՄ անդամ երկիրներուն հետ փոխշահաւէտ գործակցութեան խթանումին:

Հայաստանի եւ Սպանիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարները անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան, անվտանգութեան եւ մարդասիրական հարցերուն: Նախարար Այվազեան իր գործընկերոջը ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական բարդ իրադրութիւնը եւ անոր հասցէագրման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը` կարեւոր համարելով միջազգային հանրութեան եւ համապատասխան մասնագիտացուած կառոյցներուն տեղւոյն ներգրաւուածութիւնը: