“Երկիր”._ Վրաց փորձագէտ Նիկոլոզ Մժաւանաձէն ահազանգած է, որ Ատրպէյճան իր տարածքին մէջ կ’ոչնչացնէ պատմական քրիստոնէական յուշարձանները: Մժաւանաձէն երկու լուսանկար տեղադրած է Facebook- ի մէջ՝ հետեւալ գրութեամբ․
 
«Համեմատեցէ՛ք, սա 19-րդ դարու Սուրբ Երրորդութեան տաճարն է, որ զուգարանի վերածուած է Զաքաթալայի մէջ (Հերեթի): Իսկ սա 2016-ին Մառնէուլի մէջ կառուցուած մզկիթ է:
 
Այս բոլորէն վերջ մեզի կը վստահեցնեն, որ Ատրպէյճան մեր բարեկամն է»։
 
Հակառակ այս դէպքին՝ վրաց պաշտօնեաները ոչ մէկ ձեւով արձագանգած են Պաքուի բացայայտ թշնամական գործողութիւններուն: