«Երկիր Մետիա».- Լեհ քաղաքական գործիչ Թոմաշ Լեխ Պուչեխ, որ զինադադարի առաջին օրերէն ի վեր պայքարած էր ատրպէյճանական ապօրինութիւններուն դէմ, յայտարարած է, որ Լեհաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն պատճառով չեղեալ համարուած է հայ գերիները Ատրպէյճանէն ազատ արձակելու պահանջով ցոյցը: «Թրքամէտ կազմակերպութիւններու սպառնալիքներուն եւ յայտարարութիւններուն պատճառով Լեհաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիմաց նախատեսուած ցոյցը, որ պէտք է տեղի ունենար ժամը 13:00-ին, չեղեալ համարուած է: Անվտանգութիւնը առաջնային է: Սա հայերու նկատմամբ ատելութեան գործողութիւն է եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի ահաբեկչական քաղաքականութիւնը կը պարզէ: Ազատեցէ՛ք հայ ռազմագերիները», գրած է Պուչեխ իր դիմատետրի էջին վրայ: Յիշեցնենք, որ 15 Ապրիլին նախատեսուած էր համաշխարհային լուռ բողոքի ցոյց իրականացնել ` պահանջելով վերադարձնել Հոկտեմբեր 2020-ին Արցախեան պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի մէջ պատանդ պահուած աւելի քան 300 հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիները: Ցոյցեր պիտի ըլլան Թորոնթոյի, Մոնրէալի, Լոս Անճըլըսի, Նիւ Եորքի, Պերլինի, Վարշաւայի, Ժնեւի եւ Փարիզի մէջ: Նշենք նաեւ` Երեւանի մէջ Հինգշաբթի` ժամը 12:00-ին, հայ ռազմագերիներու վերադարձի պահանջով եւս հաւաք պիտի ըլլայ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ: