Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2021-ին, սուրիացի լրագրող Շատի Հըլուէ հաղորդեց, որ գիշերուան ժամը 12:00-ին, Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններու քուէարկութիւնները աւարտելէ ետք, սուրիական նահանգները քուէատուփերը փակեցին եւ իւրաքանչիւր քուէարկութեան կեդրոնի պատասխանատուները սկսան ձաէները ցանկագրել։ Հըլուէ յայտնեց, որ Հալէպ նահանգը աւարտեց քուէարկողներու ձայներու ցանկագրումը եւ զանոնք յանձնեց պատկան յանձնախումբերուն։ Ցանկագրումը ուղարկուեցաւ Հալէպի քաղաքապետարան, ուր տեղի ունեցաւ ձայներու ելեկտրոնային ցանկագրումը։