Կեան­քի մէջ սկզ­բունք­նե­րը շատ կա­րե­ւոր են իւ­րա­քան­չիւ­րիս հա­մար, որով­հե­տեւ իւ­րա­քան­չիւր մարդ կը գոր­ծէ իր հա­ւատ­քին եւ հա­մո­զում­նե­րուն հա­մա­ձայն: Եթէ խիղ­ճը մա­քուր ըլ­լայ, միտքն ու հո­գին ներ­դաշ­նա­կու­թեան մէջ կը մնան:
Գո­յու­թիւն ու­նին կարգ մը սկըզ­բունք­ներ, որոնք հան­գիստ ու խա­ղաղ կը պա­հեն հո­գին: Թուենք քա­նի մը սկզ­բուն­քա­յին թե­լադ­րանք­ներ.
1-Առա­ւօտ­եան կա­նուխ, արե­ւա­ծա­գին հետ արթն­ցէ՛ք, մա­քուր օդ շն­չե­ցէ՛ք եւ աղօ­թե­ցէ՛ք: Ապա փոր­ձե­ցէ՛ք կար­դալ գիրք մը, կամ թերթ մը թեր­թա­տե­ցէ՛ք:
2-Միշտ համ­բե­րա­տար եղէ՛ք: Զայ­րոյ­թը, նա­խան­ձը եւ բամ­բա­սան­քը կը քայ­քա­յեն մար­դուն հո­գին:
3- Ազատ կամ­քի տէր եղէ՛ք, ապ­րե­ցէ՛ք ազա­տօ­րէն եւ թոյլ մի՛ տաք, որ որե­ւէ մէ­կը ձեզ կա­ռա­վա­րէ: Դո՛ւք գի­տէք, թէ ինչ կ’ու­զէք այս կեան­քէն, եւ ինչ­պէ՛ս կը փա­փա­քիք իրա­կա­նաց­նել զայն:
4-Հիւ­րե­րու նկատ­մամբ յար­գա­լիր եղէ՛ք:
5- Մի՛ սե­փա­կա­նաց­նէք այն, ինչ որ ձե­զի չի՛ պատ­կա­նիր, կամ ձեր աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը չէ: Ձեր նուա­ճում­նե­րով եւ ձեռք­բե­րում­նե­րով միայն հպար­տա­ցէ՛ք:
6-Յար­գանք տա­ծե­ցէ՛ք մար­դոց եւ ձեր մի­ջա­վայ­րին նկատ­մամբ: Տկար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ծաղ­րի մի՛ են­թար­կէք:
7- Յար­գե­ցէ՛ք այ­լոց կար­ծիքն ու  սկզ­բունք­նե­րը: Եր­բեք մի՛ ընդ­հա­տէք ձեր զրու­ցա­կի­ցը, նեն­գու­թեամբ մի՛ վար­ուիք ձեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, որով­հե­տեւ ուշ կամ կա­նուխ պի­տի պարզ­ուին ձեր նենգ ծրա­գիր­նե­րը: Յար­գե­ցէ՛ք բո­լոր մար­դոց խօս­քի ազա­տու­թեան սկզ­բուն­քը:
8-Մար­դոց հետ խօ­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին բա­ցա­սա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով մի՛ թու­նա­ւո­րէք ձեր զրու­ցա­կի­ցը, նոյ­նիսկ եթէ հա­մա­ձայն չէք անոր ար­տա­յայ­տած մտ­քե­րուն հետ: Բա­ցա­սա­կան վե­րա­բեր­մուն­քը վատ տպա­ւո­րու­թիւն կը թո­ղու, եւ դժ­ուար թէ այդ տպա­ւո­րու­թիւնը փա­րա­տի կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին:
9-Ամէն մարդ սխալ կը գոր­ծէ: Մի՛ մե­ղադ­րէք մար­դի­կը իրենց սխալ­նե­րուն հա­մար, միշտ յի­շե­ցէ՛ք, որ դուք եւս սխալ­ներ կը գոր­ծէք եւ ան­թե­րի մարդ գո­յու­թիւն չու­նի:
10- Եթէ բա­ցա­սա­կան միտ­քե­րէ կը տա­ռա­պի ձեր հո­գին եւ  միտ­քը, աշ­խա­տե­ցէ՛ք աշ­խար­հին լա­ւա­տե­սու­թեամբ նա­յիլ, երաժշ­տու­թիւն ունկնդ­րել, ար­ուես­տի կեդ­րոն­ներ յա­ճա­խել, գիրք ըն­թեր­ցել եւ զուար­ճա­նալ: Մի՛ հե­տապն­դէք մար­դի­կը, զբա­ղե­ցէ՛ք ձեր գոր­ծե­րով, ձեր ծրա­գիր­նե­րով, որով­հե­տեւ այ­լոց կեան­քը դուք տնօ­րի­նե­լու իրա­ւունք չու­նիք: Միշտ յի­շե­ցէք՝ ան­գործ եւ դա­տարկ նե­րաշ­խարհ ու­նե­ցող մար­դիկ կը զբա­ղին այ­լոց հե­տապն­դե­լով եւ վա­տա­բա­նե­լով: Ձեր հո­գին ազ­նիւ պա­հե­ցէ՛ք եւ վեր բարձ­րա­ցէ՛ք մարդ­կա­յին ախ­տե­րէ:
11-Երեխա­նե­րը մեր ապա­գան են: Զա­նոնք պէտք է դաստ­ի­ա­րա­կենք սի­րով, իմաս­տութ­եամբ, սոր­վեց­նենք ըլ­լալ հան­դուր­ժող, մտա­ծող եւ աշ­խա­տող: Թող ձեր երեխա­նե­րը ան­կաշ­կանդ մեծ­նան, մի՛ կաշ­կան­դէք զի­րենք ձեր շր­ջա­պա­տի յե­տամ­նաց կա­ղա­պար­նե­րով:
12-Մար­դոց վնաս մի՛ հասց­նէք: Նոյ­նիսկ եթէ անոնք ան­յա­րիր վե­րա­բեր­մունք ցու­ցա­բե­րեն: Եղէ՛ք ինք­նավս­տահ ու մե­ծա­հո­գի, միայն այդ պա­րա­գա­յին դուք պի­տի ար­ժա­նա­նաք մար­դոց յար­գան­քին ու սի­րոյն: Յի­շե­ցէք չար եւ ոխա­կալ մար­դոց գոր­ծե­րը բա­ցա­սա­կան անդ­րա­դարձ կ’ու­նե­նան իրենց իսկ կեան­քին վրայ:
14-Ձգ­տում ու­նե­ցէ՛ք հաս­նե­լու հո­գե­կան ներ­դաշ­նա­կու­թեան: Ձեր հո­գին գե­ղե­ցիկ թող ըլ­լայ այն­քան, որ­քան ձեր մար­մի­նը: Հո­գե­կան ձեր սնուն­դը ապա­հո­վե­ցէք ինք­նա­զար­գա­ցու­մով:
Եւ վեր­ջա­պէս բա­րե­գործ եղէք, որով­հե­տեւ բա­րե­գործ ու ինք­նա­բաւ ըլ­լա­լով դուք կը գտ­նէք ձեր եր­ջան­կու­թեան բա­նա­լին:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան