Տիկ Անի Թորանեան
Եւ Թորանեան ընտանիքի հարազատներ,

Ցաւով իմացանք մեր բոլորին սիրելի տօքթ. Թորոս Թորանեանի մահուան բօթը։ Կ’ըսեմ սիրելի, քանի որ ճանչցած էի զինք պատանութեան տարիներէս։
Տոքթ. Թորանեան եղած է մեր ընտանիքին մօտիկ բարեկամը՝ Հալէպէն սկսեալ։ Յաճախ հանդիպած էի իրեն իմ Հալէպ այցելութիւններուն ընթացքին, իսկ պատանեկան-երիտասարդական տարիներուս, հօրեղբօրս՝ տոքթ. Ռոպէր ճէպէճեանի հիւանդանոց-բնակարանը։
Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, երբ որոշ ժամանակ մը Պէյրութ հաստատուեցաւ, դարձեալ կը տեսնէի զինք։ Ու տակաւին քանի մը առիթներով հանդիպեցանք նաեւ Երեւան։

Բայց տոքթորին առաւելաբար ճանչցած եմ իր գրական-հասարակական եւ հանրային գործունէութիւններուն եւ ներկայացումներուն ընդմէջէն։ Ինչքան դիպուկ է եղեր այն, որ մարդը կրնաս լաւապէս ճանչնալ իր ստեղծագործական աշխատանքին ընդմէջէն, յատկապէս՝ գրական ու հրապարակագրական։ Գրողի մը էութիւնը դուրս կուգայ նոյնինքն իր գրական աշխատանքներուն եւ գրութիւններուն, ոճին ու մտքին ընդմէջէն։ Կը հիանայի տոքթորին աշխատասիրութեամբ եւ մտաւորական ու ազգային մտապաշարով։ Ան իր կեանքի տարիներուն կուտակած այս «հարստութիւնը» չպահեց ինք իրեն համար՝այլ բաշխեց զայն իր ազգին, հայրենիքին, շրջապատին ու իր այդքան սիրած Հալէպին՝ մէկ կողմէ յօդուածներու իր տարափովը, միւս կողմէ իր գրած, խմբագրած ու հրատարակած գիրքերու փաղանգով։ Փաղանգ, որովհետեւ անոնց թիւը եղաւ հսկայական։ Տոքթ. Թորանեան մարդ մըն էր, որուն մէջ ամփոփուած էր հսկայական բանակի մը մասշտապով գիտակցական կեանք մը, անոր համար ալ ան առանց յոգնելու ստեղծագործեց եւ «նուիրեց» իր ունեցածն ու կուտակածը հայութեան։

Տոքթ. Թորանեանի գիտակցութիւնը իր ազգային-հայկական ինքնութեան դրոշմով կնքուած էր։ Գիտակցութիւն՝ հայուն մշակութային եւ գրական հսկայական ժառանգին ու աւանդին։ Ու տակաւին գիտակցութիւն այն ճշմարտութեան, թէ մարդ պէտք է ապրի արժէքաւոր կեանք մը կերտելու գրաւականով։ Արժէքի գիտակցութիւնը կը մղէ անձը արժեւորելու ինք իր անձնական կեանքը, նոյնպէս բաժնեկցելու զայն իր հաւաքականութեան հետ։ Ահա այս տեսակի գիտակցական կեանք մըն էր տոքթ. Թորանեանի կեանքը, որուն ընթացքին ան չզլացաւ հրամցնելու ո՛չ համոզմունք, ոչ ալ սկզբունք։ Տուաւ՝ կերտելու համար նոր եւ նորոգող-նորոգուող արժէքներ։

Կեանքը ունի իր սկիզբը-լոյսը, որուն պիտի յաջորդէ վերջաւորութիւնը՝վերջալոյսը։ Բայց այս կեանքի սկիզբ-վերջ(լոյս-վերջալոյս) առանցքին՝պէտք է մտածել, թէ ի՛նչ գիտակցութեամբ պէտք է ապրիլ Աստուծոյ շնորհած այս կեանքը։ Տոքթ. Թորանեանի գիտակցութիւնը մղեց հայօրէն, արժէքաւոր, արժէք որոնող ու հրամցնող կեանք մը ապրելու գրաւականով։ Այս իմաստով պէտք է արժեւորել տոթորին կեանքը (սկիզբ-վերջ հասկացութեան ընդմէջէն)՝ նոյնինքն Պօղոս Առաքեալի խօսքին հիման վրայ. « Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի եւ հաւատքը պահեցի»։

Յարգանք տոքթ. Թորանեանի ապրած կեանքին, որ օժտուեցաւ հայուն կեանքին եւ արժէքին գիտակցութեամբ։ Ան հայուն արժէքին գիտակցութիւնը առկայծ պահելու համար «պատերազմեցաւ» իր համակ կեանքին ընթացքին։ Մնաց հաւատարիմ այս գիտակցութեան, քանի որ «հաւատացած» էր անոր։ Եւ իրեն սահմանուած երկրային կեանքի «ընթացքը կատարեց» հաւատարիմ մնալով այս հաւատքին գիտակցութեան։ Եւ կատարեց զայն լաւապէս՝ միշտ գիտակցելով հայուն արժէքին ու հպարտ գոյութեան։

Աղօթքով կը միանամ ձեր բոլորին՝ հայցելով Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը։

Ցաւակից՝

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան

Քուէյթ, Յունիս 6, 2021