«Արմէնփրէս».- Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյուօ Քլաարն անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին:

«Խորապէս մտահոգիչ զարգացումները կը շարունակուին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի պետական սահմանին: Նախքան նոր զոհերու գրանցումը զսպուածութեան, սահմանային հարցերու մէջ կառուցողական ներգրաւումի կոչը կը կրկնենք: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու կողմերուն», «թուիթըր»-ի իր միքրոպլոկին մէջ յայտնած է Թոյուօ Քլաար:

Յիշենք, որ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ 19 Յուլիսի  երեկոյեան ատրպէյճանական զինեալ ուժերը, ժամը 18:40-էն  սկսեալ,  քանի մը ժամ շարունակ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով  գնդակոծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի երասխի հատուածին մէջ հաստատուած հայկական դիրքերը: Պարբերաբար կիրառուած են նաեւ ականանետեր: