«Երկիր».- ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդած է, որ Տաւուշի մարզի Բերդ համայնքի Տաւուշ ամրոցի տարածքին 14 Յուլիսէն սկսեալ վերսկսած  են հնագիտական պեղումները:
Այդ աշխատանքները իրականացնելու համար ՀՀ կառավարութեան 10 Դեկտեմբերի որոշումով Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան 2020 թուականի պիւտճէի տնտեսուած միջոցներէն «Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան Հիմնարկ» ՊՈԱԿ-ին յատկացուած է 10 մլն 66 հազար դրամ: Աշխատանքներուն ներգրաւուած են նաեւ տեղւոյն բնակիչները:

Տաւուշ ամրոցի տարածքին կատարուած դիտարկումները ցոյց  տուած էին, որ պահպանուած են հետեւեալ կառոյցները` ամրոցի միջնաբերդ, անոր հիւսիսարեւելեան լանջին հաստատուած եկեղեցի, ամրոցի հարաւարեւմտեան մասի ենթադրեալ ջրանցքի հատուած, հին բնակատեղի: Յուշարձանի պահպանման միտուած այս ծրագիրով նախատեսուած է հնագիտական միաժամանակեայ պեղումներ իրականացնել ամրոցի միջնաբերդի գագաթին եւ մուտքի բաժիններուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հիւսիսային ու հարաւային մասերուն:

Ծրագիրին նպատակն է որոշ չափով ընդլայնել նախապէս պեղուած տեղամասերը` պարզելու համար ամրոցի հիւսիսային եւ արեւելեան լանջերու կարելի կառուցապատման առկայութիւնը, մշակութային շերտերը եւ եկեղեցին հարող հնագիտական միջավայրը:

«Անցնող տարի աշխատած ենք 2 բաժինի մէջ` միջնաբերդի եւ ստորին բերդին եկեղեցւոյ տարածքին մէջ: Նախքան պատերազմը, որուն սկսելուն պէս ընդհատուեցան աշխատանքները, հասցուցած ենք ամբողջութեամբ աւարտել եկեղեցւոյ տարածքի պեղումները: Այժմ կ’աշխատինք միջնաբերդի տարածքին մէջ: Իբրեւ գիտական հարց` նպատակ ունինք բացայայտել միջնաբերդի մուտքը: Ան չէ պահպանուած», տեղեկացուցած է ՀՀ Գիտութեան Ազգային Ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Տիգրան Ալեքսանեան:

Անոր խօսքին համաձայն, յայտնաբերուած են երկանքի քարեր, օճախի վրայ դրուող մրապատ կճուճներ, մեծ քանակութեամբ խեցեղէն, կիրով սուաղուած յատակներ, տարբեր շինարարական հորիզոններ:

Կ’ակնկալուի, որ պեղումներէն վերջ Տաւուշի մարզի Բերդ համայնքին մէջ կը զարգանայ նաեւ հնագիտական զբօսաշրջութիւնը:

Նշենք, որ Տաւուշ ամրոցի տարածքին մէջ առաջին հնագիտական պեղումները իրականացուած են 1986-1988 թուականներուն` Հայկ Եսայեանի գլխաւորութեամբ: