ՀՅԴ Բիւրօն 17 Նոյեմբերին Ատրպէյճանին Հայաստանի հարաւը՝ Սիւնիքի վրայ կատարած յարձակումին առնչութեամբ հետեւեալ յայտարարութիւնը տարածեց. “Այսօր անգամ մը եւս Հայաստանն ու հայութիւնը ականատես եղան Ատրպէյճանի արհեստածին Հանրապետութեան նկրտումներուն, որուն, ցաւօք, զոհ գացին մեր ազգի արիագոյն տղաքը, բռնագրաւուեցան պետութեան տարածքներ։ Ո՛չ միայն աշխարհը գիտէ, այլ ամէնէն լաւ ինքը՝ Ատրպէյճան կը գիտակցի, որ եթէ չըլլային ու չըլլան շահագրգիռ տարբեր երկիրներու ու ուժերու անմնացորդ հովանաւորութիւնը՝ ինքը ոչինչ է հայ զինուորի բազուկին առջեւ։ Հայութիւնը՝ ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, պարտաւոր է ազգային բարձր գիտակցութեամբ համախմբուելու, բռունցք դառնալու, բոլորանուէր աջակցելու հայոց բանակին եւ ամէնուրէք պաշտպանելու Հայաստանի եւ հայութեան շահերը՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի, Հայոց Ցեղասպանութիւն իրականացուցած եւ մեր հայրենիքի մեծ մասը զաւթած Թուրքիոյ եւ անոնց տարատեսակ հովանաւորներուն։ Ազգային միասնականութեամբ պէտք է մերժել ՀՀ իշխանաւորներու կողմէն Հայաստանի պետութեան ազգային եւ հայութեան շահերու դէմ՝ թշնամիներու հետ ստորագրուած որեւէ նոր փաստաթուղթ։ Խոր ցաւով կ’արձանագրենք կրկին, որ Հայաստանի եւ հայութեան գլուխին եկած վերջին պատուհասը՝ արդիւնքն է ՀՀ իշխանութեան տհաս, անհեռատես, պարտուողական եւ մեծամիտ մտայնութեան եւ քաղաքականութեան, որ ոչ միայն անընդունելի, այլ դատապարտելի է։ Պէտք է վերջ տալ ազգը պառակտելու քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ՝ արտաքին դաշնակիցներու ու գործընկերներու հետ երկիմաստ եւ ոչ-պատշաճ ընթացակարգերով յարաբերելու վարքագիծին։ Պէտք է մանաւանդ յետ կանգնիլ թշնամիներու հետ զիջողական, հայրենավնաս քայլերէ։ Կոչ կ’ուղղենք բոլոր արդարամիտ ու տարածաշրջանի իսկական խաղաղութեամբ նախանձախնդիր պետութիւններուն դատապարտելու Ատրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի վրայ եւ քայլեր ձեռնարկելու անոնց առաջքը առնելու համար։ Կոչ կ’ուղղենք ՄԱԿ-ին, Ընկերվար միջազգայնականին եւ միջազգային Մարդկակին իրաւանց բոլոր կազմակերպութիւններուն, եթէ տակաւին հաւատարիմ են իրենց արժէքներուն եւ յայտարարած համոզումներուն, բողոքի ձայն բարձրացնեն հայութեան դէմ կատարուող անարդարութիւններուն նկատմամբ։ Կը յանձնարարենք մեր Հայ Դատի բոլոր գրասենեակներուն եւ յանձնախմբերուն՝ պատկան երկիրներու ներկայացուցիչներուն բացատրելու իրականութիւնը, պահանջելու աներկբայ դատապարտում, եւ նոր թափ հաղորդելու Հայ Դատի պայքարին։ Եւ ի վերջոյ, կոչ կ’ուղղենք վերջին ամսուան ընթացքին աշխարհով մէկ բողոքի ցոյցեր եւ հաւաքներ իրականացնող հայ երիտասարդութեան՝ չհիասթափուելու, զինուելու յարատեւ պայքարի ոգիով եւ վճռակամ ու միասնական ճիգերով պաշտպանելու հայրենիքը եւ աներեր հետապնդելու Հայ ազգի անժամանցելի եւ արդար իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու ձեռքբերումը”։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ 16 Նոյեմբեր 2021