Ուշադրութեամբ եւ համբերութեամբ լսել պէտք էր Ժիրայր Լիպարիտեանի վերջին ելոյթները Երեւանի մէջ։ Նոյն համբերութեամբ նաեւ կարդացի վերջերս այն «սպիտակ թուղթ»ը, որ յետպատերազմեան իրավիճակի քննարկումը կը փորձէր ընել եւ որուն համահեղինակներէն մէկն է ինք։ Թուղթին մէջ արծարծուած մտքերուն պիտի անդրադառնամ առանձին։ Պիտի անդրադառնամ նաեւ անոր խախուտ մեթոտաբանութեան։
Այսօր, սակայն, պէտք է խօսինք Ժիրայր Լիպարիտեանի Երեւան այցելութեան մասին։ Պէտք է հարց տանք, թէ Լիպարիտեան իսկապէս ի՞նչ ունի ըսելիք մեր քաղաքական բեմին եւ մասնաւորապէս Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութեան, ներառեա՛լ՝ անոր ընդդիմադիր շերտերուն։ Հայ անկախ պետականութիւնը կը գտնուի իր գոյութեան ճակատագրական հանգրուանին վրայ եւ իսկապէս ոչ ոք ժամանակ եւ ախորժակ ունի փուճ հռետորաբանութեան համար։ Ոչ ոք ունի լուսանցք ակադեմական մարզանքներու եւ վարժապետական յորդորներու։ Մեր երկրին պարտադրուած է ռազմական աղիտալի պարտութիւն մը, որուն բնոյթն ու պատճառները ճիշտ գնահատելու եւ անոր հետեւանքները վճռականօրէն դիմագրաւելու խնդիր ունին այսօր մեր պետութիւնն ու ժողովուրդը եւ հետեւաբար ժամանակն է հանրութեան սեղանին դնելու առաջարկներ՝ որոնք նոր, ստեղծարար եւ իրավիճակ փոխող ուժականութիւն կը հաղորդեն իրականութեան։
Մաղելէ ետք բոլոր դարձդարձիկ ոճաբանութիւնները Ժիրայր Լիպարիտեանի խօսոյթին մէջ, կը յանգինք շատ պարզ մէկ եզրակացութեան։ Լիպարիտեան կ’առաջարկէ, որ մէկդի դնենք բոլոր մեր ազգային պահանջատիրական խնդիրները, ձերբազատինք անկախ պետականութեան լինելիութեան հրամայականներէն, այդ հրամայականներէն թելադրուած կարմիր գիծերէն, անտեսենք Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները մեր ազգային տարածքներէն ներս, մոռնանք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը եւ գործենք պարտուածի պէս…Պարզ խօսքով, ընդունինք մեր պարտութիւնը, հրաժարինք Արցախի ինքնորոշման դատէն, յանձնենք Արցախը Ատրպէյճանի, բանանք Սիւնիքի դարպասը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի առջեւ, յանձնենք մեր ճակատագիրը Մոսկուայի եւ այլ շահագրգռուած կողմերու եւ ապրինք պատանդի կարգավիճակով։ Եւ միայն այս սահմաններու մէջ ջանանք – դիւանագիտութեա՜մբ – ապահովել «առաւելագոյն»ը մեզի համար…Այս կը թուի ըլլալ հանրագումարը Լիպարիտեանի «ռազմավարութեան»։ Այս կը թուի ըլլալ իր կողմէ մեզի առաջարկուած հրաշագործ դեղահատը։
Բայց ասիկա այն իսկ վիճակն է, որուն մէջ կը գտնուի Հայաստան այսօր։ Այն իսկ լուծումն է, զոր կ’առաջարկեն Պաքուն, Անքարան եւ Մոսկուան իրենց այլեւայլ սպրդասացութիւններով։ Ասիկա status quo-ն է։ Ասիկա այն իսկ անելն է, որմէ պիտի ջանայ դուրս գալ որեւէ ինքզինք յարգող ազգ։ Հարցո՛ւմ։ Լիպարիտեան եկած է այս անե՞լը առաջարկելու ՀՀ պետականութեան եւ ժողովուրդին։ Եկած է այս անե՞լը մշտնջենաւորելու։ Մեր ժողովուրդը Լիպարիտեանի՞ն պէտք ունի հասկնալու համար, թէ ինչպիսի ճահիճ է գոյացած տարածաշրջանին մէջ, որուն զոհն է ինք եւ որուն մսաղացին զոհ գացած են իր հինգ հազարէ աւելի որդիները։
Յստակ է, թէ որքա՞ն անիրազեկ դիրքերէ կը խօսի վերլուծաբան Լիպարիտեանը։ Ան տեղեակ չէ, թէ ի՞նչ տեղի ունեցած է տարածաշրջանին մէջ իր բացակայութեան տարիներուն։ Տեղեակ չէ, թէ յարաբերութիւններու ինչպիսի՞ վերիվայրումներ տեղի ունեցած են տարածաշրջանի դերակատարներուն միջեւ։ Իր վերլուծումը կը հանգչի մէ՛կ հիմնական կարծրատիպի վրայ։ Այն օրէն ի վեր, որ իշխանափոխութիւն տեղի ունեցաւ եւ պաշտօնանկ եղաւ Առաջին նախագահը, Հայաստան ինկաւ ապիկարներու ձեռք։ Հետեւաբար այսօրուան անելին համար պատասխանատու են բոլոր յաջորդող նախագահներն ու վարչապետները, քանի որ այդ օրէն սկսած սխալ քաղաքականութիւն վարեցին բոլորը (թէեւ, ըստ Լիպարիտեանի, Փաշինեան հիմա աւելի զգաստ վարքագիծ ունի…)։ Այս աղէտին համար պատասխանատու են նաեւ «ազգայնական» գիծ հետապնդող կազմակերպութիւնները։ Անշուշտ, առաջին հերթին, ի մտի ունի Դաշնակցութիւնը։
Լիպարիտեան շատ կը սիրէ կրկնել Պիզմարքի յայտնի խօսքը «հնարաւորի արուեստին» մասին։ Քաղաքականութիւնը, ըսած է միաւորուած Գերմանիոյ առաջին վարչապետը 1867-ին, «հնարաւորի արուեստն է»։ Այդ օրէն ի վեր, այս խօսքը մտած է համաշխարհային շրջանառութեան մէջ եւ երկրէ երկիր ի վերջոյ դարձած՝ սնանկ բանավիճողներու ապաստանը։ Քաղաքականութիւնը, պարոնայք, հնարաւորի՜ն արուեստն է։ Չէք տեսներ, թէ ձեզմէ որքա՜ն աւելի իմաստուն է զայն ըսողը։ Իրականութեան մէջ, սակայն, «հնարաւոր»ը, որպէս չափանիշ, մեծապէս յարաբերական իմացութիւն է։ Ան դիւրաւ կրնայ ըլլալ պատրուակն ու գործամիջոցը ծոյլերուն, անգործունակ մարդոց, պարտականութենէ փախուստ տուողներուն, անպարկեշտներուն։ Հետեւաբար ան, որ կ’ապաւինի այս խախուտ լոզունգին, պարտի նախ եւ առաջ յստակացնել «հնարաւոր»ի իր չափանիշը։ Իր սեմը։ Արամ Մանուկեանի չափանիշը Սարդարապատն էր եւ Բաշ Ապարանը։ Նժդեհի չափանիշն էր Սիւնիքը որպէս հայ պետականութեան անքակտելի մաս։ Անիրապա՞շտ էր Արամը։ Ոչ, անիրապաշտ չէր։ Փա՛ստ՝ որ ան գիտցաւ կանգ առնել այն կէտին վրայ, երբ կարեւոր էր կանգ առնել։ Փա՛ստ՝ որ ան երկիրը չտարաւ ինքնասպանութեան։ Ան երկիրը տարաւ յաղթանակի։ Անիրապա՞շտ էր Նժդեհը։ Պր. Լիպարիտեան լաւ կ’ընէ, որ հնարաւորի դասեր չտայ մեր ժողովուրդին։
Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, իրավիճակը հաստատել ուզողները մեծապետական ուժերն են։ Ընդունիլ այդ իրավիճակը առանց հարցադրութեան եւ առանց ինքնիշխանութեանդ չափորոշիչները սահմանելու եւ անոնց համար պայքար մղելու իրապաշտութիւն չէ։ Իմաստութիւն չէ։ Խոհեմութիւն չէ։ Ուշիմութիւն չէ։ Ընդունիլ այդ իրավիճակը դասալքութիւն է։ Անպարտաճանաչութիւն է։ Անազնուութիւն է։ Ինքնասպանութիւն է։
Կարօ Արմէնեան