Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ այսօր տեղի ունեցած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է կառավարութեան ընթացիկ ծրագիրներուն եւ առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկրին առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարումին: