Քեսապի 2014-ի տեղահանութենէն ետք, մեր թաղը կորսնցուց իր առաջուան եռանդն ու աշխուժութիւնը, ինչպէս որ կորսնցուց թաղի երիտասարդներէն ու դրացիներէն շատեր:
Անցեալին՝ ձմրան կանուխ առաւօտներուն, երբ թաղեցիները իրենց տան վառարանները կը բռնկեցնէին, թաղը ծուխի ու մշուշի մէջ կը կորսուէր: Երիտասարդներու խնդուքն ու պոռչտուքը, փոքրիկներու խաղերուն ձայնը, թաղի կիներուն հեռուէ-հեռու խօսակցութիւններն ու այցելութիւնները, պարտէզի աշխատանքներուն պատրաստութիւնն ու մեկնումի ձայները եւ դեռ ինչե՜ր ու ինչե՜ր: Այդպիսով մեր թաղին սիրտը անբացատրելի ուրախութեամբ կը բաբախէր:
Հետզհետէ երդիքներէն բարձրացող ծուխը նուազեցաւ ու խամրեցաւ, շատերունը՝ առ յաւէտ, մինչ նախապէս ծխնելոյզներու ծուխէն թաղեցիք կ’իմանային, թէ ո՛վ արթուն է, կամ այսինչ դրացիին ծխնելոյզէն ծուխ չբարձրանալու պատճառը ի՞նչ է, արդեօ՞ք անհանգիստ կամ հիւանդ է:
Թաղի երիտասարդները մէկը միւսին ետեւէն գաղթի ճամբան բռնեցին: Մենք ալ անոնց համար ուրախ էինք: «Ուր որ ըլլան, հոն լաւ թող ըլլան, կարեւորը անոնց լաւ լուրերը առնենք», կ’ըսէինք:
Օրերը անցան, շաբաթները, ամիսները եւ տարիները նոյնպէս, ու օտարութեան մէջ ապրող հարազատներու լաւ լուրերը սպասելով մեր կեանքն ալ անցաւ:
Այս ձմրան՝ Քեսապ տեղատարափ ու առատ ձիւն տեղաց: Սպիտակ ձիւնը պատեց Քեսապը՝ ուրախութեամբ համակելով յոյսի նշոյլ փնտռող մեր սրտերը: Քեսապցիներ եւ ծովեզերեայ քաղաքներու սիրահարներ, անոր տեսքին կարօտ մարդիկ՝ բոլորը միախմբուեցան այստեղ, սկսան ձիւնով զբաղիլ, ձիւնամարդեր շինել ու անոնց հետ նկարուիլ: Քեսապի ամառուան եռուզեռը յիշեցնող պատկեր մըն էր:
Մեր թաղի փոքրերուն ու երիտասարդներուն ստեղծած եռուզեռը «ձիւնի օրերուն» չկար: Ես ու ամուսինս՝ երկուքով, փոքրիկ ձիւնամարդ մը շինեցինք, նկարուեցանք անոր մօտ՝ մեր զաւակներուն եւ հարազատներուն ուղարկելու համար: Ամէն անգամ երբ պատուհանին կողքէն կ’անցնէի մեր սազած ձիւնամարդը դիտելու, հետզհետէ մտերմութիւն մը կը ստեղծուէր երկուքիս միջեւ, կարծես նոր դրացի մը ունեցած ըլլայինք: Այդ քանի մը օրը, թաղի անցորդները կը մօտենային մեր թաղի ձիւնամարդուն ու անոր հետ կը նկարուէին: Այդպիսով ձիւնամարդը զբաղում դարձաւ մեզի եւ թաղին մէջ եռանդ ստեղծեց, իր պաղ մարմինով բոցավառեց եռանդի ու ջերմութեան կայծ մը, որմէ մեր թաղը երկար ատենէ ի վեր զրկուած էր:
Պատուհանին առջեւ նստած առաւօտեան սուրճը կը խմէի, երբ ահա ձիւնի սիրահարներէն մին, մեր թաղի ձիւնամարդուն գլուխը պոկած, իր երկու ափերուն մէջ առած, ինքնաշարժին վրայ տեղաւորեց: Վրդոված ոտքի ելայ, պատուհանին փեղկը բացի ու բարձրաձայն, խիստ ոճով բացագանչեցի. «Այդ ձիւնամարդը իմս է»: Անոնք շփոթի մատնուեցան: Ինքնաշարժին տէրը զարմացած ինծի կը նայէր, կինը իրար անցած կը փորձէր ձիւնէ մարդը ետ վար իջեցնել իր տեղը տեղաւորելով, ուրախ ցատկռտող իրենց փոքրիկը (զաւակը) կանգ առաւ ցատկռտելէ, անոր դէմքին գծուած ժպիտը սառեցաւ ու ձիւնամարդուն կերպարը ստացաւ, նոյնիսկ անոր արտայայտութիւնները սառեցան, չհասկցաւ, թէ ի՛նչ էր պատահածը:
Ես վրդոված ու ըմբոստացած փորձեցի խորունկ ներշնչել, սկսայ ինքզինքիս հետ խօսիլ. «Խելքի եկուր, զաւակդ չէ, որ պիտի տանին, ոչ ալ պարտէզէդ ծառ մըն է արմատախիլ պոկուած, ինչո՞ւ այդքան վրդովեցար, ձգէ՛ թող տանին, վաղը անձրեւի կաթիլներն ու արեւի շողերը կը հալեցնեն զայն, թոյլ տո՛ւր, որ ուրիշներն ալ ուրախանան եւ իրենց զաւակը ուրախացո՛ւր: Օտարութեան մէջ ուրիշներ ալ զաւակներդ կ’ուրախացնեն, չէ՞»:
Երկվայրկեաններ անց պորթկումս ժպիտի վերածուեցաւ, բարձրաձայն, թաւշային սիրով լեցուն խնդրանք դարձաւ, որպէսզի դրսեցիները ձիւնամարդը իրենց հետ տանին: Անոնք ձիւնամարդը ինքնաշարժի պատեանին վրայ տեղաւորեցին, շնորհակալութիւն յայտնեցին ինծի:
Փոքրիկ տղան կրկին ցատկռտեց, անոր ուրախութեան ճիչը սիրտս խայտացուց: Ձեռքը վեր բարձրացնելով ցտեսութիւն կ’ուզէր ըսել, ես ալ ձեռքս վեր բարձրացուցի ուրախութեամբ, ցտեսութեան շարժումներով՝ հրաժեշտ տալու ոչ միայն իրեն, այլ ձիւնամարդուն, որուն կանգնած տեղը պարապութիւն մը ստեղծուեցաւ:
Յաջորդ օրերուն ամէն անգամ, որ պատուհանէն դուրս կը դիտէի, ձիւնամարդուն հետքերուն նայելով, զինք կը փնտռէի, բայց ալ չկար, ան ալ օտարութեան գացած էր: Սկսայ ձիւնամարդուն վերադարձին ալ սպասել, ինչպէս աչքս ճամբուն կը սպասէի զաւակներուս, թաղի երիտասարդներուն ու դրացիներուն…:
Սեւան Ա. Մանճիկեան