“Երկիր Մետիա”._Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղէն Ուքրանիոյ դէմ կռուելու զօրք ուղարկելու մասին տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան։ «Անիկա պարզապէս կոպիտ տեղեկութիւն է։ Իսկ կամաւորներ ըլլալը Սուրիայէն, Ուքրանիոյ կողմէն՝ Ռուսիոյ դէմ կռուող, միանշանակ է։ Թուրքիայէն այդպիսի գրոհայիններ տեղափոխուած են, ատիկա փաստ է եւ բոլորը այդ մասին գիտեն», գրած է Բաբայեան: