Հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան խնդիրը,- թէ՛ Արցախեան հիմնահարցի կտրուածքով եւ թէ ՀՀ ինքնիշխանութեան,- ներկայիս կը գտնուի իր բախտորոշ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման եւ կը պահանջէ պատրանքներէ զերծ քաղաքական մտածողութիւն։ Առ այդ՝ կ’ուզեմ յիշեցնել հետեւեալ իրականութիւնները։
(ա) ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան գործընթացը արդէն վաղուց դադրած է գոյութիւն ունենալէ։
Ալիեւը ճիշդ էր, երբ կը պնդէր, թէ 44-օրեայ պատերազմը վերջ դրած է այդ գործընթացին։ Իմ կարծիքով, գործընթացը վերջնականապէս կանգ առած էր Կազանի մէջ։ Երբ միջազգային կողմերը այդ գործընթացին այնուամենայնիւ ակնարկութիւն ընեն, այդ մէկը չի նշանակեր, որ գործընթացը կենդանի է։ Ան մեռած է։ Զայն մեռցնողները եղան, առաջին հերթին, Ալիեւը սերտ գործակցութեամբը Մոսկուայի։ Ապա նաեւ ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսան անուղղակի գործակցութեամբը Թուրքիոյ։
(բ) Պրիւքսէլի հանդիպումը Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ Եւրոպական Խորհուրդի (European Council) Նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդութեամբ եւ ԱՄՆ-ի Պետքարտուղար Պլինքընի հսկողութեան տակ՝ բացարձակապէս կապ չունի Հայաստանի եւ Արցախի այսօրուան խնդիրներուն հետ։ Այդ հանդիպման ենթատեքստը Ուքրանիան էր։ Պրիւքսէլի հանդիպումով կը սկսի մէկ նոր գործընթաց։ ԱՄՆ եւ Եւրոպա Հայաստանի եւ Արցախի հարցերը կ’ընդգրկեն Ռուսաստանի դէմ կիրարկուած պատժամիջոցներու քաղաքականութեան մէջ։ Ձեւականօրէն, Արեւմուտքի ջոջերը խօսոյթը կը պահպանեն այնպէս ինչպէս որ էր։ Եւ սակայն էապէս Պրիւքսէլի մէջ վերջին հարուածն է, որ կը տրուի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան։ Մոսկուա կը գիտակցի այս իրականութեան եւ Լաւրովի միջոցով կը հրապարակայնացնէ իր բողոքը։ Փաշինեան եւ Արեւմուտք կը հերքեն «զրպարտութիւն»ը, բայց ոչ ոք զիրար ապակողմնորոշելու լուսանցք չունի այլեւս։ Խաղաքարտերը բացուած են վաղուց։ ԱՄՆ-ի ռազմագէտները Ուքրանիոյ ճակատը կը հասցնեն Կովկաս։ Եւ հաւանաբար Ալիեւի եւ Էրտողանի քուլիսային գործակցութեամբ։
(գ) Առայժմ պարզ չէ, թէ իսկապէս ի՞նչ խօսակցութիւններ տեղի ունեցած են կողմերուն միջեւ Պրիւքսէլի մէջ։ Մեզի հասու որոշ աղբիւրներ որոշ լոյս կը սփռեն Պլինքըն-Փաշինեան հեռաձայնային խօսակցութեան մանրամասնութիւններուն վրայ։ Իմ կարծիքով, հակառակ հրապարակային արտայայտութիւններուն, խաղաղութեան պայմանագրի հետ կապուած լուրջ խօսակցութիւններ առայժմ գոյութիւն չունին Ալիեւի եւ Փաշինեանի միջեւ։ Ալիեւ չուզէր այդ հարցը լուծել Փաշինեանի հետ։ Կարելի է նոյնիսկ պնդել, որ Ալիեւ չուզէր տեսնել Փաշինեանը։ Ան կ’ուզէ խաղաղութեան պայմանագրի պայմանները վերջնական հարթութեան բերել Մոսկուայի եւ ԱՄՆ-ի հետ ուղիղ դիւանագիտութեամբ՝ շրջանցելով Փաշինեանը։ Ան վստահ կը թուի ըլլալ, որ նմանօրինակ քաղաքականութեան մը համար պարարտ հող գոյութիւն ունի ներկայիս թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ Մոսկուայի մէջ։
(դ) Պրիւքսէլէն վերադարձած Փաշինեան, ամենայն հաւանականութեամբ, պէտք է գիտակցի այս ականապատուած իրականութեան։ Ան պէտք է գիտակցի, որ շարժումի իր ազատութիւնը լայնօրէն խափանուած է այս կէտին վրայ։ Աւելի վատը այն է, որ այս իրողութեան կը գիտակցին նաեւ Ալիեւ եւ Էրտողան։ Ժամանակն է 1921-ի Մոսկուայի Դաշնագիրը կրկնելու…Այսինքն՝ որոշելու Հայաստանի ճակատագիրը Մոսկուայի հետ ուղիղ՝ առանց Հայաստանը ընդգրկելու բանակցութիւններուն մէջ։ Այս բանը կանխելու համար, Փաշինեան կը թուի թէ յենարաններ կը փնտռէ Արեւմուտքի մէջ։ Իսկ այդպիսի դիմաշրջումի մը համար վստահելի կռուաններ առհասարակ չկան Արեւմուտքի մէջ։ Այս օրերուն, Ուաշինկթընի մէջ կ’ըսեն՝ Պայտըն պատրաստ է Ռուսիոյ դէմ կռուելու մինչեւ վերջին ուքրանացին…Նոյնը կրնայ պատահիլ Հայաստանի վերաբերեալ։
Այս բոլորը անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ Փաշինեանի իշխանութեան լինելիութեան հիմքերը վաղուց քայքայուած են եւ ան ոչինչ ունի տալիք մեր անկախ պետականութեան արդէն իսկ վտանգուած դատին։ Մեր երկրի այս աննախընթաց ճգնաժամը կը պահանջէ նոր դէմքեր եւ նոր մտածողութիւն։ Փաշինեան կը փորձէ ուժականութեան պարապը լեցնել փուճ խոստումներով։ Սահմանազատում, հաղորդակցութիւններ, բաց ճանապարհներ, դրամագլուխի զանգուածային ներհոսք առաւելաբար Թուրքիայէն եւ դեռ շատ ուրիշ հրաշալիքներ, որոնց բանալին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրներն են։ Ասոնք ներկայիս ցնորքներ են։ Անոնք գոյութիւն չունին եւ պիտի չունենան, այնքան ատեն, որ Հայաստանն ու Արցախը կը գործեն տկարութեան դիրքերէ։
Մի՛ խաբէք դուք ձեզ։ Մի՛ խաբէք հանրութիւնը։ Ժամանակն է մեկնելու։ Ժամանակն է իշխանութիւնը յանձնելու ձեռնհաս եւ կորովի ուժերու։
Ժամանակն է պատրանքները թօթափելու եւ Հայաստանի ու Արցախի լինելութիւնը կերտելու բոլորովին նոր զէնքերով եւ ռազմավարութեամբ։
Կարօ Արմէնեան