16 Օգոստոսին, ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի (Այսուհետեւ՝ ԳԱԱ) Արեւելագիտութեան հիմնարկը հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ Արաբական Հանարապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանը: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռոպերթ Ղազարեան, Արաբական երկիրներու բաժինի վարիչ Լիլիթ Յարութիւնեան, միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի վարիչ Արաքս Փաշայեան եւ արտաքին կապերու քարտուղար Վահէ Այվազեան: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Հայաստան-Սուրիա գիտակրթական կապերու սերտացման ու խորացման կարեւորութիւնը, շեշատադրուեցաւ այն իւրայատուկ դերը, որ կը խաղայ Սուրիան տարածաշրջանի մէջ ՀՀ գործընկեր արաբական երկիրներու շարքին: Նորա Արիսեան, որ իր թեկնածուական ատենախօսութիւնը պաշտպանած է ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկէն ներս, կարեւոր համարեց այն ջերմ մարդկային եւ գիտական կապերը, զորս ունի ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի իր գործընկերներուն հետ: Դեսպանը, իր կարգին, ընդգծեց Հայաստանի առանձնայատուկ դերը Սուրիոյ տարածաշրջանային արտաքին քաղաքականութեան առանցքին մէջ: Ան շեշտեց, որ որպէս դեսպան պատրաստ է նպաստելու հայ-սուրիական յարաբերութիւններու սերտացման՝ մեծապէս օգտագործելով նաեւ երկու երկիրներու գիտական ներուժը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ գիտական կապերու ոլորտային ընդլայնումի կարելիութիւնները, համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ, որ դեսպանը յառաջիկայ ամիսներուն հանդիպում-քննարկումի ձեւաչափով ելոյթ ունենայ Արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ: Տեղի ունեցաւ նաեւ գիտական հրատարակութիւններու փոխանակում: Դեսպանը նուէր ստացաւ հիմնարկի վերջին՝ նաեւ օտարալեզու հրատարակութիւնները: Այնուհետեւ ոչ-պաշտօնական մթնոլորտի մէջ Նորա Արիսեան հիւրընկալուեցաւ հիմնարկի Արաբական երկիրներու բաժինին մէջ, ուր մասնագիտական քննարկումի հետեւանքով ուրուագծուեցան ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի եւ ՀՀ-ի Սուրիոյ դեսպանատան միջեւ գիտական ոլորտի մէջ թիրախային գործակցութեան ուղենիշները: