«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ «Նայիրի» հարթակին վրայ այժմ հասանելի է Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»-ը` թուային եւ բաց ձեւաչափով:
 
«Այս ընդարձակ ու մանրակրկիտ ուղեցոյցը իր իւրայատուկ մօտեցումով եւ ձեւաչափով կը գոցէ բաց մը, որ երկար տարիներ է ի վեր գոյութիւն ունէր արեւմտահայախօս աշխարհին մէջ», կ՛ըսէ բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան:
 
Բժ. Արմենակ Եղիայեանի ամբողջ կեանքի մը հետեւողական աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս ուղեցոյցը իր բարձր որակով ու լայն տարողութեամբ եզակի գործ մըն է, որ կը պարզէ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը` իր խնդիրներով եւ մարտահրաւէրներով ու կը միտի «ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք եւ միակերպ ուսուցման կիրարկումին, ինչպէս նաեւ` զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին», ինչպէս հեղինակը կը նշէ իր յառաջաբանին մէջ:
 
Իր թուայնացած բնոյթով` այս աշխատասիրութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ զարգանալ, բարեփոխուիլ, նորանոր հարցեր ընդգրկել ու միշտ մնալ այժմէական: Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է ոճաբանութեան բաժինը, որ անվարան կրնայ նկատուիլ գեղեցիկ արեւմտահայերէնի դաստիարակչական մատեան մը:
 
Ուղեցոյցէն կրնան օգտուիլ բոլորը` աշակերտ թէ ուսուցիչ, գրող թէ խմբագիր, մասնագէտ թէ պարզ ընթերցող` դիւրութեամբ որոնելով ու գտնելով իրենց փնտռած լեզուական կամ քերականական տեղեկութիւնը, յաճախ նաեւ ծանօթանալով տուեալ գրելաձեւին կամ բառեզրին պատմութեան կամ արմատներուն:
 
Մեր խորհին շնորհակալութիւնը Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանին (ընդհանուր ղեկավար-համադրող), Յարութիւն Քիւրքճեանին (վերստուգող խմբագիր), Վրէժ-Արմէն Արթինեանին (խմբագիր) եւ Սէրուժ Ուրիշեանին («Նայիրի» կայքէջ)` իրենց նուիրումին եւ խղճամիտ աշխատանքին համար:
 
Դժուարին ու խնամեալ էջադրումը կատարուած է Մարինա Չիլ Աբոշեան-Պօղիկեանի, իսկ կողքի եւ գեղարուեստական ընդհանուր ձեւաւորումը` Նունէ Խիւդավերդեանի կողմէ:
 
Ուղեցոյցը կարելի է ներբեռնել անվճար nayiri.com-էն կամ օգտագործել առցանց` NAYIRI.COM