Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան ԱՄՆ-ի մէջ բարձրաստիճան հանդիպումներու ընթացքին ԱՄՆ քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆին եւ Ճեքի Սփիրին ներկայացուցած է ատրպէյճանական պատերազմական յանցագործութիւնները։

Ան շեշտած է, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը անկարելիութեան վերածած են Հայաստանի խաղաղ բնակիչներուն կեանքը․ կրակած են թիրախաւորուած ՀՀ խաղաղ բնակավայրերու վրայ, զաւթած են մարդոց տուներ, այրած են արօտավայրեր, կը սպառնան խաղաղ բնակիչներուն եւ այլն։

Իրավիճակէն դուրս գալու միակ ելքը անոնց հեռանալն է մեր գիւղերու տարածքներէն, գիւղերը իրար կապող ճանապարհներէն ու բռնագրաւուած տարածքներէն։ Այս մասին Արման Թաթոյեան շարունակաբար փաստերով հիմնաւորուած յայտարարած է 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն սկսած:

Արման Թաթոյեան ընդգծած է, որ ատրպէյճանական վերջին յարձակումները՝ 13_15 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած են նաեւ Մայիս 2020_ին ՀՀ ներխուժած վայրերէն։

Վերջին յարձակումներուն հետեւանքով կան հազարաւոր տեղահանուածներ, հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ, թիրախային յարձակումի ենթարկուած գիւղեր ու քաղաքներ:
Ան խօսած է նաեւ ՀՀ զինուորական ծառայողները խոշտանգելու, մարմինները մասնատելու եւ ատրպէյճանական այլ պատերազմական յանցանքներու մասին:

Արման Թաթոյեան ԱՄՆ-ը կը գտնուի Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի արեւմտեան տարածաշրջանի (The Armenian National Committee of America-Western Region (ANCA Western Region) հրաւէրով։