ՏԵՂԱԿԱՆ 

ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

– Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութիւնը Կիրակի օրուան նիստով մէկ տարիով կախակայեց Իթթիհատ Ահլի խումբի խաղացող Քամէլ Քաուայէն, եւ Ուահտէյի խաղացողներ Խալէտ Իպրահիմն ու Անաս Պալհուսը զոյգ խումբերու հանդիպումին կայացած վէճին պատճառով: Հալէպի Ահլի ակումբի վարչութիւնը հաղորդագրութիւն մը արձանագրելով նշեց, եթէ ֆութպոլի դաշնութիւնը չբեկանէ Քամէլ Քաուայէյի պատիժը, ան բողոքի նամակ մը պիտի յղէ FIFA-ին անարդար նկատելով խաղացողին պատիժը:

– Անցեալ շաբթուան ընթացքին Հալէպ ժամանեց Իթթիհատ Ահլի ակումբի պասքեթի նորանշանակ մարզիչ Պէթրաչին, որ նախապէս մարզած էր Հալէպի ակումբը: Յիշենք, որ Իթթիհատ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ արաբ երկիրներու մրցաշարքին: Ան վերջերս կազմին առժամեայ միացուց Ճէյշէն Ռամի Մըրճանէն եւ Քարամէյէն՝ Թարէք Էլճապին:

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ՉԱԽՉԱԽԵՑ ԻՒՆԱՅԹԸՏԻ ԴԱՐՊԱՍԸ

Անգլիոյ ախոյեանութեան 9-րդ փուլի մրցումներուն, նախորդ տարուան ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին հսկայ յաղթանակ մը արձանագրելով պարտութեան մատնեց Մանչեսթըր Իւնայթըտը 6 – 3 արդիւնքով:  Սիթիի վեց կոլերը նշանակեցին երկու խաղացողներ՝ Ըրլինկ Հաալանտն ու Ֆիլ Ֆոտենը, իւրաքանչիւրը երեք կոլ, իսկ Իւնայթըտի կոլերը նշանակեցին՝ Անթոնին եւ Մարտիալը: Նշենք, թէ Արսենալը մէկ կէտի տարբերութեամբ կը գրաւէ Անգլիոյ ախոյեանութեան առաջին դիրքը իրեն յաջորդելով մանչեսթըր Սիթին: Նշենք, որ Սիթիի խաղացող Հաալանտը 14 կոլերով կը գրաւէ սկորիստներու աղիւսակը:

 

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԴԱՐՁԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Կանանց պասքեթի համաշխարհային ախոյեանութեան աւարտին, Ամերիկայի հաւաքականը հերթական չորորդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան, աւարտական մրցումին 83 – 61 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Չինաստանի կազմը: Ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ: Ամերիկան նախորդ երեք տիտղոսներուն արժանացած է 2010 – 2014 – 2018  տարիներուն: Աղիւսակին երրորդ դիրքը գրաւեց Աւստրալիոյ աղջկանց կազմը 95 – 65 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քանատան:

 

Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան