Սուրիոյ Ներքին Առեւտուրի Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ներմուծող ընկերութիւններու միջոցաւ քարիւղային արտադրութիւններու յաւելեալ քանակ պիտի ապահովուի այս ամսուան տնտեսական աշխատանքներուն համար։
Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ ներմուծող ընկերութիւններուն միջոցաւ արդիւնաբերական եւ առեւտրական գործածութեան ապահովուած մազութի 1 լիթրին գինն է 5400 ս.ո., իսկ պէնզինինը՝ 4900 ս.ո.։