Երեքշաբթի, 14 Փետրուարի առաւօտուն Հալէպի միջազգային օդակայան հասաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական օժանդակութեան երկրորդ օդանաւը, որպէս աջակցութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին։

Շուրջ 30 թոնի հասնող Օժանդակութիւնը կ՚ընդգրկէր սննդամթերք, դեղորայք եւ հանդերձ։

Օժանդակութիւնը յանձնուեցաւ Սուրիական Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան։

Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Հիւպատոսութեան խորհրդական, հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան։

Նոյն օդանաւով Հալէպ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան որոնողափրկարարական խումբը, աւարտելով իր աշխատանքը Հալէպի երկրաշարժէն վնասուած շրջանին մէջ, վերադարձաւ Հայաստան։