Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ «Ռուսիա Այսօր» պատկերասփիւռային կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց Մոսկուա տուած իր այցելութեան կարեւորութիւնը Դամասկոսի համար, դիտել տալով որ Ռուսիա եւ Սուրիա նոր պատկերացումներ ունին համաշխարային շարունակուող եւ ազդեցիկ փոփոխութիւններուն շուրջ։
Արաբական գագաթնաժողովի յառաջիկայ նիստին Սուրիոյ մասնակցութեան շուրջ ուղղուած հարցումին պատասխանելով նախագահը ըսաւ. «Մենք ոչ մէկ արաբական երկրի հետ մեր յարաբերութիւնը խզած ենք։ Արաբական երկիրներ իրենք իրենց կապը խզեցին Սուրիոյ հետ, ինչ որ քաղաքական առումով ճիշդ քայլ չէր»։
Նախագահը աւելցուց. «Արաբական Լիկային Սուրիոյ անդամակցութիւնը կասեցուած է, հետեւաբար Արաբական գագաթնաժողովին Սուրիոյ ներկայութեան համար հարկ է չեղեալ համարել կասեցման այդ որոշումը»։

Այս առիթով նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ Արաբական Լիկայի վերադարձը նպատակ չէ։ Նպատակը՝ արաբական միացեալ աշխատանքն է։

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման անդրադառնալով, նախագահը յայտնեց, որ հարցը թուրք քաղաքական գործիչներուն հետ է, ոչ թէ ժողովուրդին։ Ան շեշտեց. «Սուրիոյ համար առաջնահերթութիւնը օտար ապօրինի ուժերուն սուրիական հողերէն դուրս գալն ու ահաբեկչութեան հովանաւորութիւնը դադրեցնելն է։ Սուրիական հողերէն թրքական ուժերուն քաշուիլը ազգային հարց է մեզի համար։ Եթէ այս օրերուն Էրտողանի համար առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւններն են, ոչ այլ բան, Սուրիոյ համար առաջնահերթութիւնը օտար ուժերուն քաշուիլը եւ բռնագրաւուած տարածքներուն Սուրիոյ վերահսկողութեան անցնիլն է։ Եթէ սուրիական պայմանները ընդունուին՝ այն ատեն է, որ հանդիպում տեղի կ՚ունենայ»։
Նախագահ Ասատ դիտել տուաւ, որ Իրան-Սէուտական Արաբիա համաձայնութիւնը դրական անակնկալ էր, որ իր կարգին դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ողջ տարածաշրջանին եւ Սուրիոյ վրայ։

Նախագահը աւելցնելով ըսաւ, «Սէուտական Արաբիոյ մօտեցումը սուրիական հարցերուն տարիներէ ի վեր բարեփոխուած է։ Ան ոչ Սուրիոյ ներքին հարցերուն կը միջամտէ, ոչ ալ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը հովանաւորէ»։
Եզրափակելով նախագահը անդրադարձաւ Սուրիոյ վերականգնումին, յայտնելով, որ վերականգնումի անհրաժեշտ գումարը կը հասնի 400 միլիառ ԱՄՆ տոլարի կամ աւելի մեծ գումարի, որովհետեւ կան շրջաններ, որոնք Սուրիոյ պետութեան հսկողութենէն դուրս են։ Իսկ աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքներուն յաղթահարումը կը կարօտի աւելի քան 50 միլիառ ԱՄՆ տոլարի։