ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի ԱՄՆ:

5 Ապրիլին Իշխան Սաղաթէլեանին Լոս Անճըլըսի օդակայանին մէջ դիմաւորած է ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ մարմիններու պատուիրակութիւնը:

Իշխան Սաղաթէլեան նոյն օրը երեկոյեան ներկայ գտնուած է ՀՅԴ Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէի նոր կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած նախաձեռնութեան, որուն ընթացքին ՀՅԴ շարքերը համալրած մը շարք նորագիրներ:

ՀՅԴ ընկեր Համլէթ Չրաղչեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Տարօն Տէր Խաչատրեանի ելոյթներէն վերջ նորագիրներուն բարեմաղթանքներ յղած է նաեւ Իշխան Սաղաթէլեան: Երեկոյի ընթացքին ներկաները ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչին հետ քննարկած են ՀՀ-ի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը, ծանօթացած են վերջին զարգացումներուն:

Իշխան Սաղաթէլեանի ԱՄՆ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են շարք մը կուսակցական եւ համայնքային հանդիպումներ ԱՄՆ-ի Արևմտեան, Արեւելեան ափերուն մէջ, մասնաւորապէս, Տեթրոյտ, Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք, Պոսթըն քաղաքներու մէջ, որոնց շարքին են նաեւ հանրային հաւաք եւ հանդիպում, որ պիտի կայանայ Երկուշաբթի, 10 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7-ին՝ Պրպենքի Պեշիր Մարտիրոսեան երիտասարդական կեդրոնի մարզասրահին մէջ։