Հարկա՛ւ սիրելու տեսակներ կան, որքան մարդ, այնքան տեսակ, իւրաքանչիւր ոք ազատ է իր ուզած ձեւով, ոճով, հասկացողութեամբ սիրելու սիրոյ առարկան:
Վերջերս սիրելու այս հարցը յաճախ շրջանառութեան կը դրուի, երբ նիւթը կը դառնայ Հայաստանի, մանաւանդ Արցախի շուրջ: Թեր ու դէմ կարծիքներ, իրարու շռայլուած խորհուրդներ … եւ այս բոլորը՝ ընկերային ցանցերուն, մանաւանդ դիմատետրի էջերուն մէջ:
Բնական է, որ չենք կրնար անտես առնել դիմատետրի էջերուն վրայ արծարծուող համեմատաբար լուրջ նիւթերը, որովհետեւ անոնք իրենց արձագանգներով ազդեցութիւն կ’ունենան շատերու վրայ:
Եւ այսպէս հայրենիքը սիրելու, զայն ինչպէ՞ս սիրելու եւ ընդհանրապէս սիրողներու եւ չսիրողներու բանակ մը ամէն օր կը տողանցէ դիմատետրի էջերուն վրայ:
Վաղուց, երբ Սովետական Միութեան, հետեւաբար նաեւ Հայաստանի դռները բացուեցան զբօսաշրջիկներու համար, եւ սփիւռքահայեր, կարօտով մտրակուած սկսան յաճախ Հայաստան երթալ, տեսնել ամէնօրեայ կեանքէն անդին՝ Երեւանի գեղեցկութիւնը, հպարտառիթ կառոյցները՝ օփերային շէնքը, Մատենադարանը, Ազգային ցուցասրահը, թանգարանները եւ այլն, եւ սկսան ներբողներ ընել, անմիջապէս իրենց ըսուեցաւ նոյն խօսքը, բազմաթիւ տարբերակներով.
– Եթէ այդքան կը սիրէք կոր, եկէ՛ք քիչ մըն ալ դուք պահեցէ՛ք հայրենիքը…
Ինչպէս որ մենք ծանօթ չէինք կրնար ըլլալ Հայաստանի մէջ ապրողներու առօրեային, նոյնպէս իրենք ծանօթ չէին կրնար ըլլալ սփիւռքահայուն առօրեային. փոխադարձ անհասկացողութիւն մը, որ ահա քանի տասնամեակ ետք ինքզինք կը զգացնէ տակաւին: Երկու կողմերն ալ ճիգ չըրին զիրար հասկնալու, կամ չէին գիտե՛ր ինչպէ՛ս ընել այդ ճիգը:
Այսօր, Հայաստանի ներկայ պետութեան կեցուածքը կ’ընդվզեցնէ սփիւռքահայերուն մեծամասնութիւնը, անկախ անոնց կուսակցական պատկանելիութենէն. նոյնիսկ անոնք, որոնք ոչ մէկ կուսակցութեան կը պատկանին, նոյնիսկ անոնք, որոնք համակիր իսկ չեն որեւէ կուսակցութեան, խորունկ ցաւ կ’ապրին 2020 թուականէն ի վեր, տեսնելով սերունդի մը փճանալը, հողերուն կորուստը … եւ տակաւին յստակ չէ թէ ո՛ւր պիտի հասնի այս վայրէջքը:
«Ցաւով պէտք է փաստեմ, որ ոչ դուք, ոչ մեկնաբանողները Հայաստանի իրական մարտահրաւէրներին, մթնոլորտին ու տրամադրութիւններին ծանօթ էք։ Ձեր պատկերացումները Հայաստանի վիճակի մասին միակողմանի են ու ոչ ամբողջական։
Տեսէ՛ք, Հայաստանի կառավարութիւնը ոչ մի տարածք չի յանձնել, մենք ՊԱՐՏՈՒԵԼ ենք պատերազմում, որի արդիւնքում այդ տարածքները յայտնուել են թշնամու մօտ եւ եղել են վերեւում ձեր նշած միւս արհաւիրքները՝ զոհեր, գերիներ։ Հողերը յանձնելու ձեր մեղադրանքը ճիշդ կը լինէր, եթէ մեր բանակը յաղթանակած Քուռն անցած, դէպի Պաքու շարժուէր, Փաշինեանն էլ դաւաճանաբար բռնէր հողերը յանձնէր։
Փաշինեանին կարելի է մեղադրել, որ նախապէս չի յանձնել այդ տարածքները՝ խուսափելով պատերազմից, ինչպէս որ առաջարկում էր առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ու ինչպէս պահանջում էին տարիներ շարունակ միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչները։ Դիւանագիտական լուծումը դա էր, որը ես վստահ եմ, որ ձեր սրտով լուծում չէր լինելու կրկին։
Կարո՞ղ էր դիւանագիտօրէն մանեւրէր, մի քանի տարի էլ յետաձգէր պատերազմը՝ չգիտեմ, հնարաւոր է, որ այստեղ փորձը չի հերիքել, բայց հնարաւոր է, որ պատերազմ սկսելու Ալիեւի ցանկութիւնը առաւելապէս կապուած էր այս պահին աշխարհում տիրող աւելի մեծ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններից, քան Փաշինեանից։ Եւ երբ դիւանագիտութեան մասին ենք խօսում, պէտք չի մոռանալ, որ դիւանագիտութիւնը երկրի իրական վիճակից կտրուած հասկացութիւն չէ։ Եթէ քո երկիրը չունի ուժեղ բանակ, չունի ժամանակակից զէնք, տնտեսապէս ու բնակչութեամբ տասնեակ անգամներ թոյլ է, քան հարեւանները, դուք աշխարհի լաւագոյն դիւանագէտը որ լինէք, չէք կարողանալու յաջողել, որովհետեւ խախտուած է ռազմական ու տնտեսական պալանսը։
Ձեր բերած փաստարկներն էմոցիոնալ զեղումներ են, որեւէ մէկի տակ դուք ռէալ փաստ ու վերլուծութիւն չէք նշում։ Դուք ո՛չ մի իրական փաստ չունէք ներկայ իշխանութեան՝ դրսում դղեակներ գնելու մասին, ո՛չ մի ապացոյց: Գտէ՛ք ապացուցուած որեւէ փաստ, տեղադրէ՛ք այստեղ եւ ես ներողութիւն կը խնդրեմ ձեզնից։ Փոխարէն, այո՛, նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչները ունեն դղեակներ արտերկրում, օրինակ Գագիկ Խաչատրեանի միլիոնաւոր տոլարներով տունը ամերիկեան կառավարութիւնը առաջարակում է առգրաւել։
Խնդրում եմ, մի կողմ թողէք այդ փրոփականտան, իրական փաստերն ուսումնասիրէք՝ մի փոքր պատկերացնելու համար, թէ Հայաստանն ու Արցախը ինչ մարտահրաւէրների առաջ են կանգնած։ Եւ մեր Սփիւռքը, որ պիտի թիկունք կանգնի մեզ, նման տեքստեր է գրում ու հարուածում Հայաստանի պետականութեան թոյլ ու խարխուլ հիմքերին»։
Մէկը նոյնիսկ գրեր էր՝ «Սփիւռքահայերը ըստ իշխողներուն Հայաստանը կը սիրեն, կամ չեն սիրեր»:
Այդքա՞ն անմիտ է սփիւռքահայը, որ հայրենիքի սէրը կապէ իշխող անձին հետ. ինք եւս չի՞ գիտեր, որ հայրենիքը անսասան է, մինչ իշխանաւորները կու գան ու կ’երթան: Եւ ի վերջոյ եթէ սփիւռքահայը կը խօսի իշխանաւորի մը թերութիւններուն կամ սխալներուն մասին, ատիկա կը նշանակէ՞, թէ չի սիրեր իր հայրենիքը …
Այստեղ է ահա որ կը տարբերին հայրենիքը սիրելու եւ այդ սէրը արտայայտելու կերպերը:
Սփիւռքահայը իր ամբողջ կարելին ըրաւ եւ կը շարունակէ ընել. տուաւ անհաշիւ, երբ նիւթն էր կարեւորը տուեալ
պահուն. տուաւ իր զաւակներէն, երբ Արցախը կանչեց. տուաւ իր արուեստագէտներէն, գիտնականներէն, մտաւորականներէն. իսկ վերջին քանի մը տարիներուն միլիոններ տուաւ, որոնցմով կարելի էր բանակը զինել:
Այս բոլորին մասին մտածելն ու գրելը, այս բոլոր նիւթերը բարեկամներով արծարծելը սրտի ցաւ է սփիւռքահայուն համար. ինչո՞ւ աւելի վիրաւորել զինք, աւելի խորացնել անհասկացողութիւնը. ի վերջոյ հողին վրայ ապրողները այլ ոյժ ունին, բայց այդ ոյժը փոխանակ հողէն հեռու ապրող իր հայրենակիցին վրայ գործադրելու, պէտք չէ՞ ուղղել թշնամիին:
Երբ կը գրեմ՝ «Չեմ գիտեր ո՛ր երկրին վիճակը աւելի ահաւոր է՝ Լիբանանի՞ն, որ պետութիւն եւ նախագահ չունի, թէ՞ մեր, ուր պետութիւնը երկրին դէմ կ’աշխատի …», կը նշանակէ՞ թէ չեմ սիրեր հայրենիքս, թէ կը նշանակէ, որ այդ սէրը սկսեր է տառապեցնել զիս,- ե՞րբ դադրեր էր որ…,- կը նշանակէ թէ ամէն օր եւ ամէն պահ սիրտս ափիս է, որովհետեւ կը վախնամ, շատ կը վախնամ գալիքէն, մինչ շատ-շատեր երգերով կը փորձեն ոյժ ներշնչել. երգերո՞վ. ինչպէ՞ս. երբ թշնամին ամէն րոպէ աւելի եւ աւելի կը զինուի …
Մարուշ Երամեան