Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ այցելեց Պանիասի ելեկտրածին նոր կայանը, որ կառուցման վերջին փուլին մէջ է եւ յառաջիկայ շաբաթներուն արտադրութեան պիտի սկսի 24 մէկաուաթ տարողութեամբ, իսկ շրջան մը ետք՝ 56 մէկաուաթ տարողութեամբ։

Նախագահ Ասատ այցելեց նաեւ Լաթաքիոյ մէջ վերջերս արդիական արտադրամիջոցներով կառուցուած լուս-ելեկտրական կայանը։

Նախագահը շեշտեց, որ ելեկտրականութեան արտադրութեան վերաբերող որեւէ զարգացում արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ։ Ան միաժամանակ կարեւոր համարեց արեւուն կենսուժը թէ՛ կայաններու, եւ թէ տան օգտագործման մակարդակներով։