Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան նախօրէին կարեւոր է համահայկական միասնականութեամբ փաստել, որ տէր ենք Ազատ, Անկախ Արցախ ունենալու, Արցախն, ի վերջոյ, Մայր Հայաստանին միացած տեսնելու մեր նուիրական երազանքին։

Արցախի մէջ այսօր կ՚որոշուի հայութեան արժանապատւութեան ու հայկական պետականութեան լինելիութեան հարցը։ Արցախեան շարժումով սկսած մեր նորօրեայ պատմութեան ամենաճակատագրական հանգրուանին ենք, մարտահրաւէրները շատ են, լուծումները ոչ դիւրին։ Աւելի քան երբեք մեր ուժերը լարելու, մեր ջանքերը մէկտեղելու եւ բազմապատկելու, մեր պայքարը նորոգելու հարց ունինք։

Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումով Արցախին ներքին եւ արտաքին ճակատներուն աջակցիլը այսօր առաջնահերթ անհրաժեշտութիւն է։ Սովի, շրջափակման, զրկանքներու, ցեղասպանուելու վտանգի պայմաններուն մէջ առաջնագիծին վրայ կանգնած արցախցին պէտք է զգայ, որ թիկունքը ամուր է, պէտք է վստահ ըլլայ, որ պայքարին մէջ մինակ չէ։

Մեր թշնամիներուն, մեր դաշնակիցներուն յստակ ուղերձ պէտք է յղել, որ հայ ժողովուրդը համաձայն չէ Հայաստանը զիջումներու եւ ոչնչացման տանելու, Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու օրուան իշխանութեան քաղաքականութեան։

2 Սեպտեմբերին աշխարհի բոլոր կողմերը, անկախ գաղափարական ու կուսակցական իր հայացքներէն, հայութիւնը պէտք է ոտքի կանգնի յանուն Արցախի ու յանուն արցախցիներու։ Այս պայքարը համազգային է եւ մենք բոլորս ընելիք ունինք։

Մենք բոլորս արցախցի ենք, առանց Արցախի չկայ՛ Հայաստան։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
01 Սեպտեմբեր 2023