10 Սեպտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան (ԱՀ) Ազգային Ժողովը հրաւիրուած էր յատուկ նիստի՝ նուիրուած ԱՀ նորընտիր նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի պաշտօնի ստանձնումի արարողութեան։

Նորընտիր նախագահը երդում կատարեց՝ ձեռքը դնելով Սահմանադրութեան եւ 17-րդ դարու Աւետարանին վրայ։ Հնչեց Արցախի Հանրապետութեան պետական օրհներգը։

Այնուհետեւ օրհնանքի խօսք ուղղեց Տէր Մինաս Քահանայ Մովսիսեան։

Սամուէլ Շահրամանեանին խորհրդարանի անունով շնորհաւորեց Ազգային Ժողովի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Բաղունցը։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին երեք նախագահներ՝ Արկատի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներ։