Հայաստան ՀԱՊԿ-ի իր գործընկերներէն խնդրած է օրակարգէն հանել Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու մասին փաստաթուղթը։ Այդ մասին Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ Մինսքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Տասմակամփեթով։ «Հայկական կողմը, հակառակ միւս բոլոր դաշնակիցներու կողմէն ընդունուած փաստաթուղթին ներկայացնող աջակցութեան, որեւէ հետաքրքրութիւն չցուցաբերեց փաստաթուղթի նկատմամբ, աւելին՝ մեր աշխատանքի վերջին մասով խնդրեց զայն ընդհանրապէս հանել օրակարգէն», BelTA գործակալութեան համաձայն, ըսաւ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը: