Վերջին յօդուածիս՝ «Սիրոյ Պատմութիւն Մը» ստեղծած հետաքրքրութիւնը, մանաւանդ ընթերցողներէն մէկուն շեշտը «… պիտի դարձնէր զիրենք կարեւոր` Սփիւռքի նոր ժամանակներու պատմութեան համար»  մտածել տուաւ, որ թերեւս լաւ կ’ըլլայ մանրամասնել «կարեւոր՝ Սփիւռքի պատմութեան համար» բաժինը եւ ներկայացնել հատորին յառաջաբանը, յապաւումներով:
Թէեւ ճիշդ 107 տարիներ անցած են այս հատորին առաջին նամակին գրութենէն, սակայն նամակներու ամբողջութիւնը կը պահէ իր հետաքրքրականութիւնը, քանի մը մակարդակներու վրայ՝ անհատական, եգիպտական թէ գաղութային:
Պէտք է նշել նաեւ, որ հրատարակուած նամակները միա՛յն Ճանիկ Հ. Չագըրի գրածներն են, առանց Սաթենիկ Թոփալեանի պատասխաններուն:
-Այս նամակները կարեւոր են, որովհետեւ սեւեռումի կը բերեն ՀԲԸ Միութեան կազմակերպիչ խումբին եւ առաջին յանձնախումբին անդամներէն մէկը, որպէս անհատականութիւն, մտածելակերպ եւ աշխատելաձեւ:
-Լուսարձակի տակ կ’առնեն Համաշխարհային Ա. Պատերազմի շրջանը Եգիպտոսի մէջ ընդհանրապէս եւ եգիպտահայ գաղութին կեանքը մասնաւորապէս:
-Կը նկարագրեն կարեւոր դէպքեր եւ իրադարձութիւններ, որոնք կրնային մութ մնալ, Համաշխարհային Ա. Պատերազմին ստեղծած թոհուբոհին մէջ:
-Մանրամասնօրէն կը նկարագրեն Փոր-Սաիտի գաղթականներու գէմփը, որովհետեւ Ճ. Չագըր գործունեայ անդամ էր գէմփով զբաղող յանձնախումբին:
-Կը յիշեն անունները եւ նկարագրերը եգիպտահայ գաղութի անդամներէն ոմանց, որոնք դեր ունեցած են գաղութահայ կեանքին մէջ, բայց որոնց անուններն ու կեանքին մանրամասնութիւնները կորսուած են, ինչպէս օրինակ Կամսարական եւ Մելքոնեան ընտանիքները:
-Կը նկարագրեն Եգիպտոսի կարեւոր վայրերը – ինչպէս Լուքսոր, ուր Ճանիկ յաճախ գացած է գործի բերումով – հողագործութեան ու մանաւանդ այգեգործութեան եւ գինեգործութեան սկիզբի շրջանը, ինչ որ կարեւոր կը նկատենք
Եգիպտոսի ա՛յդ ժամանակաշրջանի պատմութեան համար:
-Մանրամասնօրէն կը նկարագրուի Հայկական Կարմիր Խաչի կազմակերպումը Եգիպտոսի մէջ:
-Նամակներէ զատ այլ թուղթեր եւս՝  նուագահանդէսներու յայտագրեր, տեղի եւ ժամանակի արձանագրութեամբ, որոնք այնքան շատ բան կրնան բացայայտել 1917-ականներու Գահիրէի մասին՝ սրահներ, որոնք յիշուած են իրենց ճշգրիտ եւ ամբողջական հասցէներով, ելոյթ ունեցած արուեստագէտներուն եւ երաժիշտներուն անուններով, որոնցմէ շատեր այցելու եղած են Գահիրէի (Նամակ թիւ 26):
– «Կանոններ» խորագրուած առանձին թուղթ մը, ուր ներկայացուած են «Keep smiling» կազմակերպութեան 12 կէտերէ բաղկացած կանոնները:
70 նամակներ, երեք տարիներու վրայ երկարող, մօտաւորապէս տարին 23, ամիսը՝ 2 նամակ միջինով:
Սկիզբի տարին՝ 1917-ին, նամակներուն թիւը ցանցառ է՝ ամիսը մէկ նամակ. երկրորդ տարին նամակագրութիւնը կը սկսի թափ առնել, հասնելու համար երբեմն շաբաթը երկու նամակի. եւ եթէ նկատի առնենք իւրաքանչիւր նամակի էջերուն թիւը՝ յաճախ մինչեւ 20-30 էջ, կը հասկնանք թէ ուրկէ՛ կու գայ այս գիրքին ծաւալը:
Պէտք է ընդունիլ, որ Ճ. Չագըր վաւերական նամակագիր մըն է, որուն համար ամէնէն փոքր դէպքերն ու երեւոյթները առիթ կու տան երկար մտորումներու, յաճախ բազմաթիւ՝ 10-էն մինչեւ 30 էջերու վրայ երկարող: Օրինակ մըն է միայն թիւ 27 նամակը, որուն մէջ Չագըր կը խօսի Սաթենիկին ղրկած դիմանկար-լուսանկարներուն մասին, կը նկարագրէ իր տպաւորութիւնները եւ անհատականութեան խորունկ  վերլուծումներու կ’երթայ:
Նոյն այս նամակին մէջ է, որ Չագըր կը սկսի խօսիլ բնութենէն կրած իր ծանր ազդեցութեան եւ ունեցած յարաբերութեան մասին, խորանալով եւ հասնելով մէթաֆիզիք տարածքներու: Այս գիծը իր նամակներուն մէջ կը շարունակուի, յաճախ հասնելով իրապէս մեծ խորութիւններու եւ հաստատելով այն տպաւորութիւնը, թէ ա. այս նամակները օրագրութեան այլ ձեւ մըն են – բան մը, որուն վարժ էր Չագըր, իր պահած օրագրութիւններով, որոնց մասին թէեւ կը խօսի, բայց զանոնք չկրցանք գտնել իր թողօնին մէջ- եւ բ. այս նամակները միջոցներ են իր տպաւորութիւններն ու կրած ազդեցութիւնները կարգի դնելու, դասդասելու եւ յստակօրէն ներկայացնելու համար:
14 Օգոստոս 1917-ին Սաթիին գրած նամակին մէջ, պատասխանելով աղջկան հարցումին, Ճանիկ Չագըր մանրամասնօրէն կը նկարագրէ իր կեանքին սկիզբի տարիները, մինչեւ 1900 թուականի Հոկտեմբերին Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) հասնիլը եւ երկու օր ետք Գահիրէ երթալը:
Ճանիկ Չագըրի կենսագրութիւնը կը գտնենք ոչ միայն Սաթիին գրած իր նամակներուն մէջ, այլ նաեւ իր ժամանակին լոյս տեսած քանի մը գիրքերու մէջ, որոնք կենսագրութեան կողքին արձանագրած են, իր տարած կարեւոր եւ ազգանուէր աշխատանքները:
Այսպէս, 1919-ին լոյս տեսած տոքթոր Մ. Սալբիի «ԱԼԵԱԿՆԵՐ ԵՒ ԽԼԵԱԿՆԵՐ, հայ վրանաքաղաքին տարեգիրքը» հատորին էջ 164-165-ին վրայ կը կարդանք.
«Տոքթ. Սերոբեանի վարչութեան օրով եթէ կայ անձաւորութիւն մը որ կեդրոնակապ ոյժը եղած է յիշեալ Վարչութեան Գահիրէի հատուածին, գանձապետ Պր. Ճանիկ Չագըրն է: Յիշեալը իր ուշիմութիւնով, գործնական ուղղամիտ ոգիովը, անուրանալի կարողութիւնովը եւ անգլիական ու ամերիկեան պաշտօնական շրջանակներու մէջ իր վայելած մասնաւոր յարգանք ու համակրթութիւնովը, չափազանց օգտակար եղած է Բօր ՍաիտիԿարմիր Խաչի կազմին: Այնպէս որ գլխաւորաբար իր շնորհիւ, առանց ամենափոքրիկ ձգձգումներու ներքին, մատակարարական խնդիրները ամիսէ ամիս եւրոպական ճշդապահութիւնով կարգադրուած եւ յաճախ իր գաղթավայր այցելութիւններուն շնորհիւ՝ անգլիական վարչութեան հետ հարթուած են, որոնք նիւթական մեծ առաւելութիւններ ապահոված են Հայ Կարմիր Խաչի տեղական կազմին համար»:
Իսկ Վահան Զարդարեան, իր նշանաւոր «Յիշատակարան»-ին «Տարեգիրք 1941 Տարուոյ» համարին մէջ աւելի քան հինգ էջ կը տրամադրէ անոր կենսագրութեան եւ աշխատանքին, ու կ’ըսէ թէ այդ կենսագրութիւնը քաղած է ՀԲԸ Միութեան պաշտօնաթերթ «Միութիւն»-էն եւ գաղութահայ «Տարեցոյց»-էն ու կը գրէ.
«Եգիպտահայ գաղութին կարկառուն դէմքերէն եւ միջազգային համբաւի տիրացած անձնաւորութիւն մըն է Պ. Ճանիկ Չագըր, որուն գաղութահայութիւնը կը պարտի խորունկ յարգանք եւ որուն արձագանգը կ’ըլլայ «Յիշատակարան», կենսագրութիւնը ներկայացնելով մեր ընթերցողաց»:
Պր. Ճանիկ Չագըր ծնած է Պոլսոյ Տաուտ փաշա թաղին մէջ 1879 Յունիս 1-ին եւ որդին է սկիւտարցի Մարտիրոս Համբարձումեանի, որուն հայրը Իրանլը Չագըր Օղլու, ծագումով Պարսկաստանի Համատան քաղաքէն, գաղթած Պոլիս 1750-ին եւ պալատան բեկաբոյժն էր (խըրըխճի պաշի), մայրը Շահին Ռաֆայէլեան, աղջիկն է Քէսէճի Սողոմոնի, հանրածանօթ աւագանիի սեղանաւոր:
Ինք իր եղբայրներուն եօթներորդն է, իր եղբայրն է նաեւ Պոլսոյ մէջ տպարանատէր Սերվիչէն, որուն մասին պիտի խօսինք ուրիշ առթիւ»:
Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Եէնի Գաբուի վարժարանին, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը՝ Ռոպէրթ Գոլէճին մէջ, ուրկէ կը վկայուի 1900-ին:
Կու գայ Եգիպտոս եւ 1901 թուականին կը սկսի աշխատիլ Wagons Lits Միջազգային Ընկերութեան մէջ, որուն վարիչ կը նշանակուի 1906 թուականին:
1925-էն սկսեալ պատուակալ ընդհանուր քարտուղարն է Association pour favoriser le tourism en Egypte ընկերութեան, որուն նախագահն է Սիւլէյման փաշա, իսկ 1926-էն անդամ եղած է Եգիպտոսի Պանդոկներու Ընկերութեան վարչական խորհուրդին:
Ճանիկ Չագըր նաեւ նախագահներէն մէկը եղած է Գահիրէի Միջազգային Theosopical Society ընկերակցութեան:
Մեծապէս գնահատուած է տարբեր կառավարութիւններու կողմէ եւ ստացած բազմաթիւ շքանշաններ.
-1929 Պատուոյ լէգէոնի աստիճան, ֆրանսական կառավարութեան կողմէ:
-1930 Պելճիքական թագի ասպետութեան աստիճան:
-1930 Ռումանիոյ թագի հրամանատարի աստիճան:
-1931 Իտալիոյ թագի ասպետութեան աստիճան:
-1933 Սուրիական արքունեաց շքանշան:
-1934 Պուլկար քաղաքային արքունեաց ազգային մեծ խաչի շքանշան:
-1935 Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի առաջին աստիճան:
– 1935 Շուէտական արքայական Թոլուբոյ աստղի ասպետական աստիճան:
-1937 Ֆրանսական պատուոյ լէգէոնի սպայութեան աստիճան:
-1937 Լիբանանեան արքունեաց ոսկի շքանշան:
Պէտք է անպայման նշել նաեւ, որ Ճ. Չագըրի գիրը եղած է գրեթէ անհասկնալի, այնքան, որ Սաթենիկ Թոփալեանի քոյրը՝ Նուարդ, պատահմամբ տեսնելով սկիզբի նամակներէն մին, կը բացագանչէ՝ «Բայց այս ի՜նչ գիր է, Սաթի, ըսէ՛ որ քիչ մը աւելի հասկնալի ձեւով գրէ»:
Նամակները կը հրատարակենք իրենց բնօրինակներուն լեզուով, անգլերէնով, ոչ միայն բնագրին հաւատարիմ մնալու համար, այլ մանաւանդ կարելիին չափ մեծ թիւով ընթերցողներու հասնելու համար, մանաւանդ արեւմտեան կողմն Սփիւռքի, ուր ոչ միայն երիտասարդութիւնը, այլ նաեւ միջին տարիքի ընթերցողները կը նախընտրեն անգլերէն կարդալ, լեզու մը, որուն շատ աւելի կը տիրապետեն եւ որ դարձած է իրենց մայրենին, որոշ չափով:
Մարուշ Երամեան