Նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան Ազգային Փոխանորդարանի շրջափակէն ներս, Մեծ Եղեռնի յուշակոթողին շուրջ ոգեկոչական հաւաք տեղի ունեցաւ, ներկայութեամբ` Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան անդամներու, հոգաբարձութեան անդամներու, Ապու Տապիի թաղականութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիմոնեանի, երկրչփ. Ռիմոն Քըրքոյի, վարժարաններու տնօրէններուն, տեսուչներուն եւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներուն։

Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտները գեղարուեստական յայտագիրով ոգեկոչեցին Մեծ Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը։
Ասմունքներով, երգերով եւ խօսքերով աշակերտները յաջորդաբար ելոյթ ունեցան։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը խօսքը ուղղելով ներկայ աշակերտներուն յորդորեց շարունակել մեր պայքարը, միշտ վառ պահելով հայոց լեզուն, գիրն ու մշակոյթը։

Վանա Կիրակոսեան