Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Վատիկանի Ֆրանչիսկոս Պապէն ստացաւ գրաւոր նամակ մը, զոր նախագահին անձամբ փոխանցեց պապական խորհուրդի մարդկութեան բարգաւաճման հարցերու նախագահ կարտինալ Փիթըր Թերքսընը:
Պապը իր նամակին մէջ կրկին կը շեշտէր Սուրիոյ զօրավիգ կանգնելու իր պատրաստակամութիւնը, մինչեւ երկրէն ներս ամբողջական խաղաղութեան վերականգնումն ու Սուրիոյ ժողովուրդին տառապանքին աւարտը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձան Սուրիոյ պատերազմի վերջին զարգացումներուն: Նախագահ Ասատ լուսարձակի տակ առաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ոճիրները, որոնց ականատեսը դարձաւ ու հետեւանքը կրեց Սուրիոյ ժողովուրդը տարիներ շարունակ: Ապա յայտնեց, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կայք կը հաստատեն տարբեր շրջաններու, յատկապէս Իտլիպի մէջ ու մինչեւ օրս տարածաշրջանային եւ արեւմտեան կարգ մը պետութիւններէ աջակցութիւն կը ստանան:
Նախագահը դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ ժողովուրդին օգնելու միակ միջոցը ահաբեկչութեան նեցուկ կանգնող, պատերազմը երկարաձգող եւ Սուրիոյ ժողովուրդին պատժամիջոցներ պարտադրող պետութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնելն է, որպէսզի անոնք փոխեն իրենց աւերիչ քաղաքականութիւնն ու խաղաղութեան հաստատումին նպաստեն:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան պապական խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Ռիքարտի եւ Դամասկոսի մէջ պապական դեսպան կարտինալ Մարիօ Զինարի: