زار سيادة المطران ماسيس زوبويان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب وتوابعها، و الوفد المرافق له يوم الأربعاء 4/11/2020 رئيس مجلس الوزراء المهندس حسين عرنوس بمناسبة تعينه رئيساً لمجلس الوزراء السوري، حيث قدموا أصدق التهاني و التبريكات بمناسبة استلامه المنصب الجديد.
Չորեքշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եւ իրեն ընկերակցող ազգայիններէ բաղկացած պատուիրակութիւնը Դամասկոսի մէջ շնորհաւորական այցելութիւն տուին Սուրիոյ նորանշանակ վարչապետ երկրչ. Հուսէյն Արնուսին:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Մեթր Սումպուլ Սումպուլեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Յարութ Հայրապետեան, ազգայիններ Յակոբ Քիլէճեան եւ տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, Դամասկոսէն Արմէն Ուրֆալեան, Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ Քրիստափոր Հապոյեան եւ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։
Սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը շնորհաւորեցին Սուրիոյ վարչապետը եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոր իր ստանձնած պատասխանատու առաքելութեան մէջ:
Սրբազան հայրը թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին: Իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը անդրադարձաւ պատերազմի տարիներուն սուրիական բանակին ահաբեկչութեան դէմ մղած պայքարին մէջ սուրիահայութեան բերած հաւատարիմ մասնակցութեան, նշելով, որ ներկայիս հայ ժողովուրդը Արցախի մէջ նոյն ահաբեկիչներուն դէմ պայքար կը մղէ: Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի ժողովուրդին հայրենական հողի պաշտպանութեան համար մղած պայքարին եւ ատրպէյճանաթրքական յարձակողապաշտ քաղաքականութեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Սուրիոյ վարչապետին եւ այս առիթով վարչապետին նուիրեց Վեհափառ Հայրապետին «The Armenian Church» գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան առիթով եւ գնահատեց սուրիահայութեան ունեցած հաւատարիմ կեցուածքը Սուրիական Հայրենիքին նկատմամբ, հաստատելով որ Սուրիոյ ժողովուրդը որպէս մէկ ամբողջութիւն Սուրիական Հայրենիքէն ներս կ՚ապրի միասնական ոգիով, եղբայրաբար եւ իսլամ-քրիստոնեայ սերտ գործակցութեամբ:
Կողմերը շեշտեցին յառաջիկայ շրջանին Սուրիոյ զաւակներուն միասնական մասնակցութիւնը Սուրիական Հայրենիքի վերածաղկեցման գործընթացին:
Այցելութիւնը վերջ գտաւ բարեմաղթութիւններու փոխանակումով: