بتاريخ 4/11/2020 زار سيادة المطران ماسيس زوبويان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب وتوابعها، مع الوفد المرافق له مدرسة النظام الخاصة في دمشق حيث تمّ اللقاء مع الطلاب بحضور اللجنة المدرسية والهيئة الإدارية و التدريسية.
———————-
Հայ Դպրոցին յատուկ կարեւորութիւն տալով, Չորեքշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուին Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Ճեմարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Դոկտ. Նորա Արիսեանի, վարժարանի տնօրէնուհի օրդ. Ծովակ Պաղպուտարեանի, ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ վարժարանի աշակերտներուն, որոնք Արցախի դրօշն ու յաղթանակի բարեմաղթութիւններ պարզելով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը Վարժարանի սրահէն ներս հանդիպում ունեցան աշակերտութեան հետ:
Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Նորա Արիսեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց: Դոկտ. Նորան նշեց, թէ այս շրջանին վարժարանի հայ աշակերտներուն թիւը աճ արձանագրեց: Ան ուրախութեամբ յայտնեց, թէ 2020-2021 տարեշրջանին վարժարանը օժտուեցաւ երկրորդական բաժինով, ունենալով 10-րդ կարգ:
Դոկտ. Նորան շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Իշխանութեան, իրենց ցուցաբերած հոգատարութեան համար եւ իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով շեշտեց Հայ Դպրոցին կարեւոր դերակատարութիւնը ուսումնառութեան եւ հայակերտումի գործընթացին մէջ: Այնուհետեւ, իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ողջոյնները փոխանցեց եւ թելադրեց, որ իրենց մտապաշարը հարստացնեն եւ գիտութեամբ զինուին, որպէսզի տէր կանգնին մեր ազգային արժէքներուն՝ Հայաստանին եւ Արցախին, որոնք այսօր գոյապայքար կը մղեն մեր դարաւոր թշնամիին դէմ: «Սուրիահայութիւնը աշխատասիրութեամբ եւ հաւատարմութեամբ միշտ իր ներդրումը կը բերէ Սուրիական Հայրենիքի վերածաղկումի աշխատանքներուն, եւ այս օրերուն ամբողջական զօրակցութեամբ նեցուկ կը կանգնի Արցախի մեր հայորդիներուն», ըսաւ Մասիս Եպիսկոպոս:
Սրբազան Հայրը երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշար ալԱսատին, յիշելով, որ Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Վարժարանը վերանորոգուեցաւ վսեմաշուք նախագահին մեծ ներդրումին շնորհիւ:
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով ողջունեց վարժարանը երկրորդական բաժինով օժտելու նուաճումը եւ յաջողութիւն մաղթեց 10-րդ կարգի աշակերտներուն: Այս առիթով ան վարժարանը վերակոչեց Ազգային Միացեալ Ճեմարան եւ մեծապէս գնահատեց Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին նուիրական ծառայութիւնը, մաղթելով, որ 2020-2021 տարեշրջանը արդիւնաւէտ եւ բարեյաջող ընթացք ունենայ:
Վարժարանի տնօրէնուհի օրդ. Ծովակ Պաղպուտարեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն, իրենց քաջալեր մօտեցումին եւ այցելութեան առիթով, խոստանալով Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմին դաւանած սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալ: