«Ապառաժ».-24 Մարտին ԱՀ Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը հանդիպած է ԱՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի թեկնածու Գեղամ Ստեփանեանին հետ:

ԱՀ ՄԻՊ թեկնածուն, որ կը վարէ ԱՀ ՄԻՊ աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը, հակիրճօրէն ներկայացուցած է վերջին շրջանին կառոյցի մէջ իրականացուցած աշխատանքները եւ խօսած է յառաջիկայ  շարք մը ծրագիրներուն մասին:

ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորները ՄԻՊ թեկնածուին հետ քննարկած են յետպատերազմեան Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Արցախի բնակիչներու իրաւունքներու ոտնահարման, Արցախի բնակիչներու իրաւունքները վեր առնելու գործին մէջ ՀՅԴ կառոյցին հետ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Շեշտուած է, որ ներկայ իրավիճակին Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի պաշտօնը բարձր առաքելութիւն է եւ արհեստավարժ ու նուիրուած աշխատանք կ’ենթադրէ թէ ներքին, եւ թէ արտաքին ոլորտներու մէջ:


Նոյն օրը ՀՅԴ խմբակցութեան անդամները հանդիպած են Հաշուեքննիչ պալատի անդամի թեկնածու Հրայր Մարգարեանին հետ: