Չորեքշաբթի, 24 Մարտ 2021-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի հրամանով սկզբնականօրէն 25 թոն թթուածին պիտի ուղղարկուի Լիբանան, որպէս օգնութիւն պսակաձեւ ժահրի համաճարակին արագընթաց տարածումէն տառապող Լիբանանի ժողովուրդին։
Իր կարգին Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Ասատին մարդկային նախաձեռնութեան համար, որուն շնորհիւ շատերու կեանքը պիտի փրկուի։
 Նախարար Հասան աւելցուց. «Հակառակ անոր որ Սուրիոյ մէջ թթուածինի պահանջքը օրըստօրէ կ’աճի, Սուրիա ինչպէս միշտ, այսօր եւս կը շարունակէ օգնութեան ձեռք երկարել Լիբանանի, ինչ որ կը հաստատէ երկու երկիրներու եղբայրական սերտ յարաբերութիւնը»։